Հայրապետական Օրհնանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով՝ Դաւիթ Իշխանեանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Իր Հայրապետական օրհնանքն ու շնորհաւորանքները ուղարկած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․:

«ՄԵԾԱՐԳՈՅ

ՏԻԱՐ ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
ԱՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ստեփանակերտ

Մեծարգոյ Պրն. Իշխանեան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը բերենք Ձեզ՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով:

Կարեւոր այս պաշտօնը Դուք կը ստանձնէք Արցախի համար անկախութենէն ի վեր ամենածանր ու դժուարին ժամանակահատուածի մը, երբ ազրպէյճանական շարունակուող յարձակման հետեւանքով արցախահայութիւնը շուրջ ութ ամիս կը գտնուի փաստացի շրջափակման մէջ:

Օրաւուր սաստկացող գոյաբանական վտանգներուն առջեւ աղօթաբար կը մաղթենք Ձեզի ուժ, կարողութիւն եւ տոկունութիւն՝ հնարաւոր բոլոր միջոցները, ներուժն ու ջանքերը գործադրելու յանուն Արցախի ժողովուրդի ապահով, ազատ ու անկախ կեանքի:

Թող Ամենակարող Տէրը Իր օրհնութեան ներքոյ անխռով խաղաղութեան մէջ պահէ ու պահպանէ Արցախ մեր երկիրն ու մեր ժողովուրդը՝ պարգեւելով Ձեզի քաջառողջութիւն եւ գործոց յաջողութիւններ:

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ»