Մալթայի Հայկական Համայնքը Արցախի Համար Խաղաղ Ցոյց Իրականացուցած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի Մալթայի հայկական համայնքը խաղաղ ցոյց իրականացուցած է՝ պահանջելով բանալ Բերձորի միջանցքը՝ միակ ճանապարհը, որմով 120 հազար արցախահայերը առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ եւ սպասարկումներ կը ստանան։ Այս մասին գրած է Malta Today-ը։

Աղբիւրին համաձայն՝ հայկական համայնքը հաւաքուած է Մալթայի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ, որպէսզի հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւէ տարածաշրջանին մէջ տիրող մարդկայնական աղէտին հանդէպ։

Համայնքը Մալթայի կառավարութեան կոչ ըրած է օգտագործելու դիւանագիտական խողովակները եւ միջազգային ազդեցութիւնը՝ յօգուտ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման։

«Մալթան կրնայ վճռական դեր խաղալ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով»,- յայտարարած են հայկական համայնքէն։

Կը նշուի, որ 2022թ. Դեկտեմբեր 12-էն Բերձորի միջանցքը շրջափակուած է ազրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ, որ յանգեցուցած է մարդկայնական աղէտի. մատակարարումները դադրեցուած են, խանութները դատարկ են, դեղորայքը՝ անհասանելի։

Հայկական համայնքին յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ համայնքը աշխոյժ կերպով կը մասնակցի բանավէճերուն միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, որոնց անդամ է Մալթան, եւ կոչ կ՝ընէ անյապաղ ուշադրութիւն դարձնելու Արցախի շուրջ տիրող ծայրայեղ վիճակին։

Ընդգծուած է, որ արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է, որ մօտ 400 թոն կենսականօրէն կարեւոր մարդասիրական օգնութիւնը չի հասնիր հայ բնակչութեան՝ ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ միակ ճանապարհին շրջափակման պատճառով։

«Անմեղ մարդոց կեանքը սպառնալիքի տակ է, քանի որ հիմնական մատակարարումները, ներառեալ պարէնը եւ դեղորայքը, դադրեցուած են, որուն հետեւանքով տարածաշրջանը կը գտնուի ծայրայեղ աղէտի եւ վտանգի մէջ։ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ազրպէյճանին պարտաւորեցուցած են բանալու միջանցքը, բայց, հակառակ դատարանի որոշման, միջանցքը ազրպէյճանը չէ բացած, որ կ՝անհանգստացնէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով»,- նշուած է համայնքի յայտարարութեան մէջ։

Հայկական համայնքը դիմած է նաեւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեթսոլային՝ խնդրելով ուշադրութիւն դարձնել մարդկայնական ճգնաժամի լրջութեան։

«Իբրեւ Եւրոխորհրդարանի բարձրագոյն պաշտօնատար անձ՝ անոր աջակցութիւնը կրնայ աւելի մեծ միջազգային ուշադրութիւն գրաւել եւ համախմբել իրավիճակին հանգուցալուծման գործողութիւնները»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Մալթան միաժամանակ ՄԱԿ եւ ՄԱԿ Անվանգութեան խորհուրդի անդամ պետութիւն է։

«Հայկական համայնքը կոչ կ՝ընէ բոլոր շահագրգիռ քաղաքացիներուն, ԶԼՄ-ներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միաւորուելու եւ զօրացնելու իրենց ձայնը՝ Արցախի մէջ մարդկայնական աղէտը դադրեցնելու համար»,- ընդգծած է համայնքը։