Կոչ Կ՝ընենք Գործող Իշխանութիւններուն Չհրաժարելու Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Պաշտպանութեան Համար ՀՀ Ստանձնած Յանձնառութիւններէն․ Եպիսկոպոսներ

Հայաստան

Արցախի շարունակուող ամբողջական շրջափակումը, անոր հետեւանքով ստեղծուած աղէտալի ծայրայեղ իրավիճակը, որ ցեղասպանութեան դասական դրսեւորում է, անելանելիութեան ծանր զգացումներով համակած են մեր ժողովուրդը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են Հայ Եկեղեցւոյ հայաստանաբնակ եպիսկոպոսները:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.

«Արցախի մէջ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ կենսական այլ առաջնահերթ անհրաժեշտութիւններու խիստ սակաւութեան պայմաններուն մէջ ամէն օր կը տեղեկանանք մարդոց, ներառեալ՝ մանուկներու, յղիներու եւ հիւանդներու առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման եւ մահուան ցաւալի դէպքերու մասին: Ամբողջական շրջափակման զուգահեռ՝ ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն իրականացնել նաեւ ահաբեկչական այնպիսի գործողութիւններ, որոնք ցեղական զտումներու նպատակով Արցախի ժողովուրդին մէջ միտուած են մշտական վախի, յուսահատութեան, անապահովութեան զգացումներ եւ Հայրենիքը լքելու տրամադրութիւններ առաջացնելուն:

Հակամարդկային նմանօրինակ գործելաոճի հերթական դրսեւորումը տեղի ունեցաւ բոլորովին վերջերս, երբ ազրպէյճանի իշխանութիւնները Բերձորի միջանցքէն առեւանգեցին Կարմիր Խաչի անմիջական հովանաւորութեան ներքոյ Արցախէն Հայաստան փոխադրուող, առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող Վագիֆ Խաչատրեանը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով Կարմիր խաչի անձեռնմխելիութիւնը, հեղինակութիւնն ու մարդասիրական առաքելութիւնը։

Մեր ժողովուրդին նկատմամբ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող թշնամական այսօրինակ գործողութիւնները ոճրագործութիւն են ոչ միայն Արցախի հայութեան նկատմամբ, այլեւ բացայայտ մարտահրաւէր՝ ուղղուած քաղաքակիրթ ողջ աշխարհին եւ միջազգային իրաւասու կազմակերպութիւններուն:

Կոչ կ՝ընենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին անդամակցող պետութիւններու առաջնորդներուն՝ ազդու միջոցներ գործադրելու եւ սթափութեան կոչելու ազրպէյճանի իշխանութիւնները՝ յարգելու եւ կեանքի կոչելու Միջազգային արդարադատութեան դատարանի ս.թ. Փետրուար 22-ի միջանկեալ եւ Յուլիս 6-ի եզրափակիչ որոշումները, պարտադրելով հրաժարիլ բիրտ ուժի եւ ցեղասպան գործողութիւններու միջոցով խնդիրները կարգաւորելու գործելաոճէն:

Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ ի հաշիւ Արցախի ժողովուրդի բնաջնջման կամ անոր խաղաղ, անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման:

Խորապէս մտահոգուած Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած դիրքորոշումով՝ կոչ կ՝ընենք գործող իշխանութիւններուն չհրաժարելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած յանձնառութիւններէն եւ համախմբելու պետական ու ազգային ողջ հնարաւորութիւններն ու ներուժը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդի ապահով, անվտանգ, ինքնիշխան կեանքի։

Արցախը եւ արցախահայութիւնը կեանք ու ապագայ չունին ցեղասպանութիւնը պետական քաղաքականութիւն հռչակած ազրպէյճանի կազմին մէջ։

Յորդոր կ՝ուղղենք մեր սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հոգեւոր ողջ դասին, որպէսզի ազգային-եկեղեցական կառոյցներու իրաւասու ներկայացուցիչներու հետ ձեռնամուխ ըլլան իրենց երկիրներու պետական, եկեղեցական, դիւանագիտական, հասարակական եւ լրատուական շրջանակներուն մէջ ներկայացնելու ազրպէյճանական շարունակուող յարձակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր կացութիւնը՝ հասնելու համար Արցախի մեր ժողովուրդի կենսական իրաւունքներու իրագործման եւ անվտանգ կեանքի ապահովման:

Կը յորդորենք մեր ժողովուրդի զաւակները՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ ճանապարհներով միանալու Արցախի փրկութեան սրբազան գործին:

Կ՝աղօթենք Արցախի մեր ժողովուրդին համար եւ կը հայցենք Տիրոջ պահպանութիւնն ու զօրակցութիւնը Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ ոգիով աննկուն մնալու եւ վճռականութեամբ ու միաբանութեամբ յաղթահարելու ստեղծուած ծանր իրավիճակը եւ ծառացած հիմնախնդիրները։

Թող Երկնաւոր Տէրը խաղաղ պահէ մեր հայրենիքը եւ օրհնէ համայն մեր ժողովուրդին ջանքերը յանուն Արցախի եւ Հայաստանի բարօրութեան.

Ամէն: