Գործարկուած է ArtsakhX Messenger Յաւելուածը՝ Յատուկ ԼՂ-ի Մէջ Կայուն եւ Անվտանգ Հաղորդակցութեան Համար
ԼՂ կառավարութեան եւ «Զանգի Լայվքոմ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան միջեւ ստորագրուած յուշագիրին համաձայն` յատուկ արցախցիներուն համար ստեղծուած է ArtsakhX messenger յաւելուածը, որ նախատեսուած է ԼՂ-ի մէջ կայուն եւ անվտանգ հաղորդակցութեան համար:
«ArtsakhX յաւելուածին միջոցով օգտատէրերը կրնա ամբողջութեամբ՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ (End-to-End) գաղտնագրուած ձեւով իրարու փոխանցել անձնական հաղորդագրութիւններ, ֆայլեր, կատարել լսա-տեսազանգեր: Ի տարբերութիւն այլ յայտնի messenger-ներու՝ ArtsakhX-ի հաղորդագրութիւնները, ֆայլերը, զանգերը չեն պահպանուիր server-ներուն վրայ, որ հնարաւորութիւն կու տայ խուսափելու կայքահէններու յարձակումներէն։
«Տուեալներու ցած օգտագործման եղանակը» կ՝արտօնէ հաղորդակցուելու նոյնիսկ ցած թողունակութեամբ, ոչ կայուն եւ նոյնիսկ աշխարհէն անջատուած համացանցի բացակայութեան պարագային։ Նշուած համակարգի աշխատունակութիւնը ապահովելու համար պարտադիր է ունենալ Wi-Fi կամ բջիջային տուեալներու կապի հասանելիութիւն։ Այսինքն՝ անիկա կը գործէ նաեւ Արցախի Հանրապետութենէն դուրս կապի խափանման, ընդհատման պարագային։
Ինչո՞ւ օգտագործել ArtsakhX հաղորդագրութիւններու յաւելուածը
- Բոլոր հաղորդագրութիւնները առաւելագոյնը պաշտպանուած են՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ.
- Համակարգը պաշտպանուած է հսկողութենէ եւ կայքահէններու յարձակումներէն.
- Ամբողջութեամբ գաղտնագրուած նիւթեր, ֆայլեր, ձայնային զանգեր եւ տեսազանգեր.
- Խմբային զրոյցներ, բարձր որակի լսա-տեսազանգեր.
- Կապի խցանման խնայողութիւն՝ «Տուեալներու ցած օգտագործման եղանակի» կիրառմամբ.
- Հնարաւորութիւն շփուելու նոյնիսկ ցած թողունակութեամբ եւ/կամ տատանուող կապի պարագային.
- Պետական մարմիններէն հրատապ ու նպատակային ծանուցումներ ստանալու հնարաւորութիւն:
Օգտատէրերը կրնան ներբեռնել եւ օգտագործել յաւելուածը Google Play-էն, App Store-էն կամ ArtsakhX-ի պաշտօնական կայքէն՝ գրանցուելով միայն արցախեան բջիջային հեռախօսահամարով։
Շնորհակալութիւն Zangi ընկերութեան «ArtsakhX» համակարգը անհատոյց սկզբունքներով ստեղծելու եւ սպասարկելու համար»,- ըսուած է ԼՂ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
