
Վարչապետ Փաշինեանի Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ճանչնալուն Իբրեւ Արդիւնք Մեծ Խոչընդոտներ Կ՝առաջանան Հայ Դատի Գործունէութեան Համար․ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ Յանձնախումբ
Ի պատասխան Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանի՝ Արցախի համար Սփիւռքի պասիւութեան (խմբ.- անգործութեան, կրաւորականութեան) մասին յայտարարութեան՝ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբին նախագահը հիասթափութեամբ արձանագրեց, որ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալուն իբրեւ արդիւնք մեծ խոչընդոտներ կ՝առաջանան Հայ Դատի գործունէութեան համար:
«Այս խնդիրը մեզի համար իսկապէս մտահոգիչ է: Անիկա մեզի երկուութեան մէջ կը դնէ, երբ Արցախի հարցը կը քննարկենք քաղաքական բարձր դէմքերու հետ»,- կ՝ըսէ Անէթ Մոսկոֆեան:
Ան կը նկատէ. «Նախապէս՝ պատերազմի ժամանակ, այսպիսի խնդիրներ մենք չունէինք: Բոլորս կը գործէինք իբրեւ մէկ ազգ: Սակայն, այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը ունի առանձին օրակարգ, որ չի համապատասխաներ հայ ժողովուրդի, մանաւանդ՝ Հայ Դատի օրակարգին: Արարատը տենչալը եւ Արցախի ինքնորոշումը գոյութիւն չունին այս կառավարութեան օրակարգին մէջ»։
Յանձնախումբէն փոխանցեցին, որ տասնամեակներ շարունակ բարձրացուցած են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, բայց անիկա արդէն հարցականի տակ է, քանի որ ՀՀ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան մաս այլեւս չի կազմեր:
«Հաւատացած ենք, որ միայն ինքնորոշման իրաւունքի իրացմամբ հնարաւոր է լուծել Արցախի հիմնախնդիրը: Հաւատացած ենք, որ մեր դատը իրաւացի է, որ ազգերը իրաւունք ունին ինքնորոշուելու՝ անկախ տարածքային ամբողջականութեան հանգամանքէն: Հիմա ամէն ինչ շատ դժուարացած է, որովհետեւ մենք առաջ կը տանինքն հարցեր, որոնք Կառավարութիւնը կ՝անտեսէ: Ասիկա մենք հակահայկական գործունէութիւն կը համարենք: Երբ լուծուի այս խնդիրը, մեր աշխատանքը աւելի դիւրին կը դառնայ: Այս պահուն հարցականի տակ կը դրուին մեր ազգային արժէքները, մեզ միաւորող արժէքները: Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ առանց Արցախ, Հայաստանը իսկապէս չի կրնար գոյութիւն ունենալ», կ՝ահազանգէ յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսկոֆեան:
Անդրադառնալով Արցախի պետական նախարար Ներսիսեանի պնդման, թէ Սփիւռքը իր ամբողջ ներուժը չի գործադրեր Լեռնային Ղարաբաղի համար՝ ան կ՝ընդգծէ. «Դեկտեմբերէն այս հարցը կ՝արծարծենք Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն բարեկամական խումբի պատգամաւորներուն միջոցով»։ Ըստ Մոսկոֆեանի՝ բարեկամական խումբի որոշ պատգամաւորներ նիկոլ փաշինեանի յայտարարութիւնները ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին նոյնպէս դաւաճանութիւն կը համարեն։ Ան յիշեցուց նաեւ, որ Համայնքներու պալատի Ուէսթմինսթըրեան դահլիճին մէջ Խորհրդարանը քննարկում իրականացուց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած։
Յանձնախումբի նախագահը տեղեկացուց՝ նախորդ շաբաթ հանդիպած են Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթիին եւ յստակօրէն փոխանցած են Արցախի շրջափակման մասին բոլոր մտահոգութիւնները՝ պահանջելով ՄԹ Կառավարութենէն շօշափելի քայլեր ձեռնարկել իրավիճակը բարելաւելու համար:
«Մենք կը ներկայացնենք Արցախի կարեւորութիւնը Հայաստանի պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար, որովհետեւ վարուող քաղաքականութեան պատճառով մեր ինքնիշխանութիւնը եւ պետականութիւնը վտանգուած են: Կը ներդնենք բոլոր ջանքերը ամրապնդելու պետական ազգային շահերը»։
Եզրափակելով՝ յանձնախումբէն կը յիշեցնեն Միացեալ Թագաւորութեան օրէնսդիր մարմնի Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի խօսքը խաղաղութեան եւ պատերազմի մասին. «Վարչապետ Նեւիլ Չեմբեռլենը (1937-1940) երկրին խաղաղութիւն կը խոստանար, բայց չբերաւ այդ խաղաղութիւնը: Երբ անկէ ետք Ուինսթըն Չըրչըլ (1940-1945) ընտրուեցաւ վարչապետ, ան անկեղծօրէն յայտարարեց, որ երկրին «արիւն, տանջանք, քրտինք եւ արցունքներ» կը սպասեն: «Արեան, տանջանքի, քրտինքի եւ արցունքներու» իբրեւ արդիւնք, սակայն, այսօր մենք կը վայելենք ազատութեան բերկրանքը», կը մէջբերէ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, աւելցնելով՝ հայկական իշխանութիւնները կը վարեն կեղծ խաղաղութեան օրակարգ:
Արսէն Այվազեան