Մեր Արցախ Աշխարհը Ուրացողները, Շիրիմ Պիտի Չունենան, Նզովուած Պիտի Ըլլան. Բագրատ Սրբազան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Մեր ողջ ժողովուրդի նկարագիրն է այսօր Արցախ աշխարհի մէջ։ Ի՞նչ տեղի կ՝ունենայ այնտեղ։ Կը ձգտին ողջ ժողովուրդ մը ստորացնել, անարգել, կը տենչան սովի մատնել, սպաննել ու ոչնչացնել։ Եւ ատիկա ոչ միայն ֆիզիքապէս՝ մեր յաւերժական թշնամիին կողմէ, այլեւ հոգեպէս՝ մեր իսկ կողմէ։ Կը նշուի Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Սրբազանի քարոզին մէջ:

«Իւրաքանչիւրի խղճին վրայ ծանրացած է այսօրը, եւ, առաջին հերթին, այո, պատասխանատուներուն վրայ, որոնց մասին մեր Տէրը կ՝ըսէ․ «Պիտի դատեմ ձեզ, իմ ժողովուրդի աւագներ եւ իշխաններ, պիտի դատեմ ձեզ» (Եսայի 3։14), պիտի դատեմ ոչ միայն ձեզ՝ ուրացողներդ, այլ նաեւ ձեր անցեալը՝ շիրիմները պիտի դատեմ, եւ ձեր գալիք սերունդները նզովուած պիտի ըլլան, որովհետեւ «Դուք հրկիզեցիք իմ այգին» (Եսայի 3։14), այլ լեզուով՝ ՂարաԲԱՂը, մեր տունը, մեր մշակութեան վայրը, մեր սխրանքներու իրագործման խտացուած ճշմարտութիւնը, մեր անպատիւ կեանքի արժանապատուութիւնը վերականգնած մեր մեծ Հայրենիքը։

Եւ ես կը շարունակեմ մեր Տիրոջ խօսքը՝ ըսելով՝ Բոլոր անոնց կամ անոր, որոնք կ՝ուրանան մեր Արցախ աշխարհը, ինծի համար, մեզի համար պայքարող, կռիւ տուող մեր սքանչելի, հերոսական ժողովուրդին մէկ հատուածը, անոնք շիրիմ պիտի չունենան, նզովուած պիտի ըլլան, նզովուած պիտի ըլլան ոչ միայն իրենք, այլ նաեւ իրենց շիրիմները եւ իրենց սերունդները։ Դուք խրախճանքի մէջ եղէք, ցնծացէք եւ ուրախացէք, ձեզի ուրախացուցէք, եւ այդ ուրախութեան մէջ մահը բերէք ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն»,- ըսած է սրբազանը։