«Խղճուկ թուրք Ազգայնականները Զիս «Դաւաճան» Կ՝անուանեն․ թուրք Լրագրողը՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախահայութեան

Աշխարհ, Հայաստան

թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութը յոյս յայտնած է, որ արցախահայութիւնը իրեն բաժին հասած այս դժուարութիւնը նոյնպէս պիտի յաղթահարէ։

Պուլութը իր X-ի (նախկին Twitter) էջին վրայ գրած է․«Այն փաստը, որ արցախահայութիւնը դարեր շարունակ արիւնով, քրտինքով ու արցունքներով կռուած է իր պապենական հայրենիքը պահպանելու համար, աւելի անտանելի կը դարձնէ ազրպէյճանական շրջափակումը։ Արցախահայութիւնը յաղթահարած է պատմական բոլոր դժուարութիւնները։ Յոյսով եմ, որ անոնք այս մէկը նոյնպէս պիտի յաղթահարեն»:

Այնուհետեւ, այլ գրառումով մը ան պատասխանած է թուրքերուն կողմէ իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն․«Խղճուկ թուրք ազգայնականները զիս «դաւաճան» կ՝անուանեն։ Ըստ անոնց, իսկական, հայրենասէր թուրքը պէտք է հպարտանայ հայերու բնաջնջմամբ։

Կը խնդրեմ, մէկ վայրկեան մտածեցէք այս մասին»: