Թշնամիին Հետ Կողք Կողքի Հնարաւոր Չէ Ապրիլ, Խաղաղ Գոյութիւն Խոստացող թուրքը Հայերէն եւ Ոչ Մէկը Պիտի Խնայէ․ Արցախցի Տատիկ (տեսանիւթ)

Հայաստան

Խրամորթցի 83-ամեայ Լենա տատիկը կը ճանչնան շատերը՝ ոչ միայն հարազատ գիւղին մէջ: Անոր խօսքն ու խրատին հիմքը ոչ թէ ուրիշներէն լսածն է, այլ իր կեանքի փորձը: 4 պատերազմ ու սով տեսած տատիկը արդէն մօտ ութ ամիս շարունակուող շրջափակման փիլիսոփայօրէն կը վերաբերի՝ աս ալ կ՝անցնի հանց երազի մէջ: Չանցնող վտանգը այլ հարթութեան վրայ կը տեսնէ ու կը զգայ: Եւ չի զլանար, դարձեալ կը զգուշացնէ:

«Պոստանին մէջ ամէն ինչ ունիմ՝ լոլիկ, վարունգ, գետնախնձոր, լուբիա… Կը մնայ խաղաղութիւն։ Ատիկա կ՝ուզենք»,- կ՝ըսէ ան։

Լենա տատիկը համոզուած է՝ թշնամիին հետ կողք կողքի հնարաւոր չէ ապրիլ, գիտէ՝ խաղաղ գոյութիւն խոստացող թուրքը հայերէն եւ ոչ մէկը պիտի խնայէ։

Մանրամասն՝ Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան տեսանիւթով․