
Համլէթ Մանուկեան Ոսկի Մետալ Նուաճած է Օղակներու Վարժութեան Մէջ. Ողիմպիական Փառատօն
Հայաստանի մարմնամարզութեան երիտասարդական հաւաքականի անդամ Համլէթ Մանուկեանը ոսկի մետալ նուաճած է Սլովենիայի Մարիպոր քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի պատանեկան ողիմպիական փառատօնին:
Հայ մարզիկը իրեն հաւասարը չէ ունեցած օղակներու վարժութեան մէջ՝ վաստակելով 13,666 միաւոր:
Այս վարժութեան մէջ Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ Մամիկոն Խաչատրեանը՝ 12,800 միաւորով, յայտնուած է 8-րդ հորիզոնականին: