ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Պարտաւոր Են Երաշխաւորել Անվտանգութիւնն ու Ազատ Տեղաշարժը Բերձորի Միջանցքով․ Պորէլ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական միութիւնը խորապէս մտահոգուած է մարդկայնական լուրջ իրավիճակով, որուն կը բախի տեղի բնակչութիւնը նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ: Այս մասին յայտարարած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզէբ Պորէլը:

«Բերձորի միջանցքով երթեւեկութիւնը աւելի քան եօթը ամիս կը խոչընդոտուի՝ հակառակ զայն վերաբանալու մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն։

Դեղորայքն ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները սակաւ են կամ արդէն սպառուած են, բան մը որ սարսափելի հետեւանքներ կ՝ունենայ տեղի բնակչութեան համար։ ազրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են երաշխաւորել անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով եւ թոյլ չտալ յետագայ աստիճանաւոր յարձակումները։

ԵՄ-ն ի գիտութիւն ընդունած է պաքուի՝ Աղտամով ապրանքներ մատակարարելու պատրաստակամութիւնը, բայց ատիկա պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ Բերձորի միջանցքի բացման այլընտրանք»,- յայտնած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարը։

ԵՄ-ն նաեւ կը նշէ, որ ԿԽՄԿ-ի գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ խիստ տուժած է, եւ կոչ կ՝ընէ ամբողջութեամբ վերսկսելու զայն՝ ներառեալ բժշկական նպատակներով տարհանումը եւ մարդասիրական օգնութեան առաքումը:

«Մարդասիրական հասանելիութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի ոեւէ դերակատարի կողմէ:

Եւրոմիութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը աշխոյժ կերպով ներգրաւուած եղած են Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի աջակցման, ինչպէս նաեւ պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան խթանման գործին մէջ։ Անիկա նաեւ կը պահանջէ բոլոր կողմերուն անկեղծ հաւատարմութիւնը բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ ապագային՝ հիմնուած ընդհանուր շահերու եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ»,- նշուած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարի յայտարարութեան մէջ: