
Նիկոլ Փաշինեանի Ասուլիսէն Ետք Լրագրողներու Կեանքին, Գործունէութեան Դէմ Ուղղորդուած, Սանձարձակ Սպառնալիքներու Արշաւ Սկսած է․ ՀԺՄ
Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ կը նշուի.
Երէկ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ժամեր տեւած ասուլիսէն ետք, որուն ընթացքին լրագրողական համայնքը իր հարցերով անյարմար իրավիճակի մէջ դրաւ զինք՝ փաստարկուած հակադարձելով եւ զուգահեռներ անցնելով մինչ 2018թ. յեղափոխութիւնը, պաշտօնավարման ընթացքին եւ այժմ անոր կողմէ հնչեցուած յայտարարութիւններուն միջեւ՝ հարցեր հնչեցնելով նաեւ արցախցիներու, 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու ծնողներու եւ շարքային քաղաքացիներու կողմէ, իշխանութեան ներկայացուցիչներու, իշխանամերձ շրջանակներու, այսպէս կոչուած՝ կառավարական «ֆէյքերու ՊՈԱԿ»-ի, կեղծ օգտատերերու, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն յարող տարբեր խումբերու, մերձիշխանական fake «լրատուամիջոցներ»ու (որոնք անգամ խմբագրակազմ չունին) ու առանձին անհատներու կողմէ թիրախաւորած են ասուլիսին մասնակցած որոշ լրագրողներ եւ մասնաւորապէս՝ NewDay.am կայքի հիմնադիր, լրագրող Անի Գէորգեանն ու Aravot.am կայքի լրագրող Հռիփսիմէ Ջեբեջեանը:
Տարատեսակ հասարակական ցանցային էջերու մէջ կը տեղադրուին անգրագէտ, սպառնալիքներով լեցուն գրառումներ, նաեւ՝ անոնց ընտանիքներուն ուղղուած, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանն ալ չի թաքցներ, որ իրեն յանձնարարուած է ամէն կերպով Հռիփսիմէ Ջեբեջեանէն ճշտել վերջինիս ազգականին համարը, որուն ըսելիքը փոխանցած էր լրագրողը: Բնականաբար, այդ մասին հրապարակումներ կը յայտնուին Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող կայքին մէջ եւ կը տարածուին վարչապետի աշխատակազմին մէջ բարձր պաշտօն զբաղցնող անձի հետ առնչուող լրատուամիջոցով:
Տպաւորութիւն է, որ հաշուեյարդար կ՝ուզեն տեսնել կամ լրագրողին, կամ անոնց հարազատներուն հետ, մինչդեռ լրագրողը որեւէ պարտաւորութիւն չունի ոեւէ մէկուն փոխանցելու որեւէ հեռախօսահամար, անգամ, եթէ այդ հեռախօսահամարը կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանը:
Սպառնալիքներ կը հնչեցուին նաեւ Անի Գէորգեանի հանդէպ: Մասնաւորապէս կեղծ օգտատէրեր կը սպառնան վառել զինք, կտտանքներու ենթարկել, կը վիրաւորեւ եւ ամենաայլանդակ հայհոյանքները կը հնչեցնեն՝ ինչպէս անոր, այնպէս ալ՝ Հռիփսիմէ Ջեբեջեանի հասցէին, եւ ասիկա պատահական կամ ինքնաբուխ չի կատարուիր: Լրագրողներուն հանդէպ յարձակումները սկսած են դեռ երէկուընէ, նաեւ՝ իշխանամերձ, այսպէս կոչուած, քաղհասարակութեան անդամներու հասարակական ցանցային էջերով:
Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ լրագրողներու հանդէպ այս կազմակերպուած, ուղղորդուած, սանձարձակ ու լկտի յարձակումները, կոչ կ՝ընէ դադրեցնելու զանոնք: Լրագրողները կատարած են իրենց մասնագիտական պարտականութիւնն ու գործառոյթները, Նիկոլ Փաշինեանը չեն վիրաւորած, անոր չեն ընդհատած, լեզուակռուի մէջ չեն մտած, հակադարձած են, հնարաւորինս եղած են ճշգրիտ՝ այն պարագային, երբ ան լրագրողները կը մեղադրէր տարատեսակ մեղքերու մէջ, ինչպէս՝ պարզ հարցապնդումները անուանելով քաղաքական շարժում:
Ի դէպ, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, անհրաժեշտ պարագային լրատուամիջոցները, լրագրողները ազատ են նաեւ շարժում կազմակերպելու բոլոր այն հարցերուն շուրջ, որոնք ունին հանրային նշանակութիւն, բան մը, որ նոյն Նիկոլ Փաշինեանը իր լրագրողական գործունէութեան ընթացքին բազմիցս ըրած է:
Այս ամէնուն պատասխանատուութիւնը բացառապէս կը կրեն իշխանութիւնները, մասնաւորապէս՝ անձամբ Նիկոլ Փաշինեանը:
Դադրեցուցէ՛ք ուղղորդուած հետապնդումները, լրագրողներն ու լրատուամիջոցները թիրախաւորելը, կառավարեցէ՛ք ձեր բնազդները, վախերը, դադրեցուցէ՛ք խմբակային յարձակումները լրագրողներուն հանդէպ. երբեւէ որեւէ իշխանութիւն չէ յաջողած ու պիտի չի յաջողի լռեցնելու ազատ խօսքը:
Այս յայտարարութեամբ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ կը հրաւիրենք նաեւ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանին ուշադրութիւնը, որ պաշտօնը ստանձնելու առաջին իսկ օրը յայտարարած է լրագրողներու աշխատանքը կարեւոր համարելու եւ անոնց սատար կանգնելու պատրաստակամութեան մասին:
Խնդրին վերաբերեալ կը հրաւիրենք նաեւ իրաւապահ մարմիններուն ուշադրութիւնը. լրագրողներուն կեանքը, մասնագիտական գործունէութիւնը, տեղաշարժը վտանգուած է, եւ դուք կը կրէք պատասխանատուութիւն անոնց կեանքի եւ գործունէութեան խափանման համար:
Այս յայտարարութեամբ նաեւ կ՝իրազեկենք Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան միջազգային գործընկերները՝ ահազանգելով լրագրողներու դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն եւ իշխանամերձ շրջանակներուն կողմէ սանձազերծուած արշաւին, հակաժողովրդավարական, ընդդէմ խօսքի ազատութեան կատարուող գործողութիւններուն մասին:
Կոչ կ՝ընենք նաեւ հասարակութեան՝ չտրուելու նպատակաուղղուած սադրանքներուն, գիտակցելու պահի լրջութիւնը եւ սատար կանգնելու լրագրողական համայնքին, պետութեան, տէր կանգնելու տեղեկացուած ըլլալու իրենց իրաւունքին: