Կը Դիմենք Ժողովրդավարական Կառավարութիւններուն, Որպէսզի Ճնշում Գործադրեն ազրպէյճանի Վրայ՝ Կոչ Ընելով Վերջ Տալու Անմեղ Քաղաքացիներու Կանխամտածուած Սովամահութեան. Freedom House

Աշխարհ, Հայաստան

Միջազգային Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է ազրպէյճանին արտօնելու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կենսական մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախին եւ անյապաղ աշխատանքի անցնելու՝ բանալով Բերձորի միջանցքն ու ապահովելով տեղաշարժի ազատութիւնը՝ երաշխաւորելով անհատներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը: Կազմակերպութիւնը այս մասին գրած է իր Twitter-ի էջին մէջ:

«Տարածաշրջանին մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը խաղաղ բնակիչները զրկած է կեանքը փրկող դեղամիջոցներէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն: Կը դիմենք ժողովրդավարական կառավարութիւններուն, որպէսզի ճնշում գործադրեն ազրպէյճանի վրայ՝ կոչ ընելով վերջ տալու անմեղ քաղաքացիներու կանխամտածուած սովամահութեան»,- գրած է Freedom House-ը:

ԿԽՄԿ-ն նախապէս յայտնած էր, որ հակառակ յամառ ջանքերուն, իրենք ներկայիս չեն կրնար օգնութիւն հասցնել Բերձորի միջանցքէն եւ այլ ուղիներով, ներառեալ Ակնան:

«Ինքնաշարժերու շարասիւններու արգելափակման պայմաններուն մէջ մեր մտահոգութիւնը այն է, որ մարդասիրական իրավիճակը ալ աւելի պիտի վատթարանայ»,- ըսած է ԿԽՄԿ-ն։