
Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը Արցախի Շրջափակման Հարցով Դիմեց Յունական Կարմիր Խաչին
Ահազանգիչ էր Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի՝ 13 Յուլիսի յայտարարութիւնը, ուր ան կ՚եզրափակէր ըսելով՝ «Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէից պահանջում եմ վառել մարդկանց ցեղասպանուելու վտանգի ահազանգի կարմիր կոճակը։ Իմ ժողովուրդը մատնուած է յանցաւոր անտարբերութեան բոլորի կողմից: Արցախում իրավիճակը օրհասական է»:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր ձայնը միացնելով Արցախի համաժողովըրդային հաւաքին հնչած կոչին, որոշում կայացուց եւ անմիջապէս հանդիպում ուզեց յունական Կարմիր Խաչի վարչութեան ատենապետին հետ, նամակով իրազեկ դարձնելու համար զինք՝ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման աւերիչ հետեւանքներուն մասին եւ խնդրելով որ ան, կազմակերպչական ներքին խողովակով, դիմէ Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէին, որպէսզի Ցեղասպանութեան վտանգի կարմիր ահազանգը տրուի արցախահայութեան համար:
Առ ի պատասխան, վարչութիւնս ստացաւ նամակ մը Յ.Կ.Խ.ի ատենապետ տոքթ. Ա. Աւղերինոսի ստորագրութեամբ, ուր ան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին, կը հաստատէ, թէ Կարմիր Խաչի առաքելութիւնն է մարդասիրական օգնութիւն հասցնել ուր որ կարիքը կայ եւ կը վստահեցնէ վարչութեանս, թէ պիտի դիմէ «Միջազգային Կարմիր Խաչի Կարմիր Մահիկ»ի պատկան մարմինին՝ Հ.Կ.Խաչի ներկայացուցած խնդիրով: