
ՀՀ Իշխանութիւններէն Կը Պահանջենք Հրաժարիլ Աղէտալի Դիրքորոշումէն եւ Առաջնորդուիլ Անկախութեան Հռչակագիրով, ՀՀ Սահմանադրութեամբ եւ ՀՀ ԳԽ Որոշումով
«Արցախ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը տարածած է յայտարարութիւն՝ պահանջելով ՀՀ իշխանութիւններէն հրաժարիլ աղէտալի դիրքորոշումէն։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Արցախի Հանրապետութեան հանդէպ ազրպէյճանը կ՝իրականացնէ նոր յանցագործութիւն՝ շրջափակելով Արցախը: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին նոյնիսկ մարդասիրական բեռներու փոխադրման ամբողջական արգելքը, կազամատակարարման ու ելեկտրամատակարարման շարունակական խափանումները, պարբերական ռազմական յարձակումներն ու սադրանքները, հոգեբանական ահաբեկչութիւնը նպատակ ունին ճնշելու եւ կոտրելու Արցախի ժողովուրդին ազատ կամքն ու ինքնորոշման իրաւունքը, բռնի կերպով հպատակեցնելու զայն եւ, ի վերջոյ, յանգեցնելու ցեղական զտման:
Հարկ կը համարենք նշելու, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայ իրաւա-քաղաքական կարգավիճակը ձեւաւորուած է համաժողովրդական կամքի արտայայտութեամբ՝ երեք հանրաքուէներու, անոնց արդիւնքով ընդունուած Սահմանադրութեամբ եւ պետական իշխանութիւններու կայացման ճանապարհով։ Արցախի պետականութիւնը եւ պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու արցախցիներուն իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են, որոնցմէ անգամ պատերազմի սպառնալիքը չի կրնար արցախցիները ետ պահել:
Կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն հրաժարիլ աղէտալի դիրքորոշումէն եւ առաջնորդուիլ բացառապէս նշուած արժէքներով: Ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի «խաղաղութեան» նմանողութեամբ Արցախի համար անընդունելի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնորոշման իրաւունքի բանակցային սկզբունքի նշաձողը իջեցնելու: ՀՀ իշխանութիւնները պարտաւոր են առաջնորդուելու Անկախութեան հռչակագիրով, ՀՀ Սահմանադրութեամբ եւ ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդի՝ 1992թ. Յուլիս 8-ի որոշումով:
Յարգելի´ հայրենակիցներ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման սուրբ գործին համար կոչով կը դիմենք Ձեզի՝ միացէք «Հայաքվե» նախաձեռնութեան, դարձէք անոր շարժիչ ուժը, աշխոյժ կերպով մասնակցեցէք եւ մասնակից դարձուցէք ստորագրահաւաքին Ձեր շրջապատի հայրենասէր մարդոց, քանի որ անիկա համահայկական նախագիծ է՝ առանց որեւէ սահմանափակման կամ կուսակցական պատկանելութեան»։