
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի Մէջ՝ Համաժողովրդական Հանրահաւաք (տեսանիւթ)
Այսօր, Յուլիս 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ սկսած է համաժողովրդական հանրահաւաք՝ Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն հանրահաւաքի մասնակիցներուն օրհնանքի խօսքով դիմած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան:
«Այսօրուան իրականութիւնը կու գայ եւս մէկ անգամ յիշեցնելու մեզի, որ Արցախեան շարժումը չէ աւարտած եւ դեռ կը շարունակուի: Անիկա մեզի համար պիտի դառնայ հանապազօրեայ հացի պէս, դառնայ ապրելակերպ, առաքելութիւն, գաղափար եւ պայքար: Արցախեան շարժման ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ հերոսացան ու անմահացան: Անոնց հոգեւոր հայացքին ներքոյ մենք պիտի չսխալինք, այլ ամբողջ ազգով դառնալով միասնական բռունցք, այդ շարժումը պիտի հասցնենք իր բարի աւարտին՝ ազատ, անկախ Արցախ»,- ըսած է Սրբազանը՝ արցախցիներուն փոխանցելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հայրական սէրն ու աղօթքը:
Այնուհետեւ ներկայացուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ կաթողիկոսին տեսաուղերձը:
