Արցախը Միշտ Եղած է Մերը, Արցախցիները Եկուորներ Չեն, Ծնունդն են Այդ Հողի․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի եւ Երեւանի մէջ իրականացուող միաժամանակեայ հանրահաւաքին ժամանակ տեսաուղերձ յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը։

«Մենք, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւն, մեր միաբանութեամբ, թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով ձեր հետ ենք, Արցախ, ձեր հետ է ամբողջ Սփիւռքը։ Քաջ գիտենք, որ Արցախը կ՝ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենաճակատագրական պահը։ Այս կացութեան դիմաց մենք բոլորս պէտք է մեր հաւատքը եւ կամքը աւելի ամրապնդենք, եւ Արցախի ապագային հանդէպ մեր տեսլականը պահենք պայծառ։ Անցեալին Արցախը մերն էր, այսօր մերն է, եւ միշտ պէտք է մնայ Արցախի ժողովրդինը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը պատմութեան ողջ ընթացքին եղած է Արցախի մէջ եւ իր քրտինքը միախառնած է Արցախի հողին։ Արցախի հողին մէջ մեր ժողովուրդին արժէքներն են, սրբութիւններն ու աւանդութիւնները։ Նայեցէք պատմութեան՝ Արցախը միշտ եղած է ինքնավար, արցախցիները եկուոր չեն, ծնունդն են Արցախի»,- ըսած է Արամ Ա․ կաթողիկոսը։