
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Ուղերձը՝ ՄԱԿ-ի Կողմէ Արցախի Մէջ Խաղաղութիւն Պարտադրելու Համար Պատշաճ Միջոցներ Ձեռնարկելու Վերաբերեալ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ուղերձը ՄԱԿ-ի կողմէ Արցախի մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու համար պատշաճ միջոցներ ձեռնարկելու վերաբերեալ
2020թ․ Սեպտեմբեր 27-ին թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ, կոպտօրէն խախտելով ուժի եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի բացառման սկզբունքը, ազրպէյճանը սանձազերծեց 44-օրեայ ռազմական յարձակում, որ դադարեցուեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի, ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 2020թ․ Նոյեմբերի 9-ի համատեղ յայտարարութեամբ։ Եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած կարգով Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ՝ 5 տարի ժամկէտով՝ յետագային երկարաձգման հնարաւորութեամբ, եթէ Կողմերէն ոեւէ մէկը ժամկէտի աւարտէն 6 ամիս առաջ չյայտարարէ սոյն դրոյթի կիրառումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին:
Եռակողմ յայտարարութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, ըստ էութեան, իրացուցած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 6-րդ գլուխով սահմանուած վէճերու խաղաղ կարգաւորման դրոյթները, մասնաւորապէս, 33-րդ յօդուածի 1-ին մասը, հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վէճի կարգաւորումը տեղափոխելով «միջնորդութեան, համաձայնութեան եւ բանակցութիւններու» դաշտ, որ ձախողուած է ազրպէյճանի կողմէ դրսեւորուող շարունակական եւ լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով՝ հակամարտութեան ուղղակի եւ անուղղակի կողմերու ներգրաւմամբ ստեղծելով տարածաշրջանային ճգնաժամ։ Միւս կողմէն` կը շարունակուի անտեսուիլ Արցախի Հանրապետութեան սուբիէկտայնութիւնն ու Արցախի ժողովուրդին կամարտայայտութիւնը։ Արցախի ժողովուրդը, միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ չափանիշներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան համապատասխանութեամբ, իրացուցած է ինքնորոշման իր իրաւունքը՝ 1991թ. Սեպտեմբեր 2-ին հռչակելով Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւն, այնուհետեւ Դեկտեմբեր 10-ին իրականացնելով Անկախութեան հանրաքուէ։
Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը օժտուած չէ միջազգային իրաւագիրով․ հանգամանք, որ կանաչ լոյս կը վառէ ազրպէյճանի կողմէ Եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու խախտումներուն, տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան շարունակական վտանգման համար։ Ըսուածի փաստական ապացոյցներն են ազրպէյճանի կողմէ Եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած հրադադարի վարչաձեւի ու միջազգային իրաւունքի չափանիշներու կոպտագոյն խախտումները, այդ ամէնուն վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ ՄԱԿ-ի միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումներով, ԵԽԽՎ-ի բանաձեւով արձանագրումները: Մասնաւորապէս Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի՝ արդէն եօթը ամսից աւելի շարունակուող շրջափակումը, ենթակառուցուածքներու խափանումը, քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ իրականացուող շարունակական ահաբեկումները, ազգային ատելութեան քարոզչութիւնը, հայկական եկեղեցիներու, պատմամշակութային, կրօնական եւ այլ յուշարձաններու միտումնաւոր ոչնչացման եւ վանտալութեան արձանագրուած բազմաթիւ դէպքերը: Նշուած եւ այլ մեթոտներով ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութեան բացայայտ դրսեւորումներ են։
Հիմք ընդունելով այդ ամէնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի՝ գալիք սերունդներուն պատերազմի, ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փրկելու վճռականութիւնն ու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդի բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմինը՝ Ազգային ժողովը, կոչ կ՝ընէ.
Հայաստանի Հանրապետութեան՝
անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութեան միջազգային իրաւագիրով օժտելու համար՝ սահմանուած ընթացակարգով դիմելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, Գլխաւոր ասամպլիային՝ առաջարկելով պատշաճ քայլեր կատարել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։
Միջազգային հանրութեան՝ ի դէմս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ-երկիրներու՝
Հաւատարիմ ըլլալով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 1-ին գլուխով սահմանուած նպատակներուն ու սկզբունքներուն եւ առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 7-րդ գլուխով սահմանուած կարգով՝ ընդունիլ իմպերատիւ բնոյթի որոշում (բանաձեւ)՝ ձեռնարկելով եւ սահմանելով Արցախի մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու գործուն միջոցներ:
Արցախի Հանրապետութիւնը յանձնառու է փրկելու իր ժողովուրդը պատերազմի արհաւիրքէն, վերահաստատելու հաւատը մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ մեծ ու փոքր ազգերու հաւասար իրաւունքներու նկատմամբ, ուստի այդ կառոյցներէն կ՝ակնկալէ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք կ’ապահովեն միջազգային իրաւունքի չափանիշներէն բխող պարտաւորութիւններու հանդէպ յարգանքը, ազատութեան պայմաններու մէջ խթանել Արցախի ժողովուրդի արժանապատիւ կեանքի ապահովումը:
ք․ Ստեփանակերտ
21 Յուլիսի 2023