«Ջաւախք Ճամբար»- 2023

Սփիւռք

2012-էն սկսեալ Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ կ՝իրականացուի «Ջաւախք ճամբար» ծրագիրը՝ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ։

Այս տարի եւս «Ջաւախք-ճամբար» ծրագիրը կ՝իրականացուի Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի շրջանի Դարագիւղին մէջ։

Ճամբարը կը կազմակերպուի երկու փուլով․

1․Յուլիս 31-Օգոստոս 5՝ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ։
2․Օգոստոս 6-12՝ Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի շրջանի Դարագիւղին մէջ։

Ճամբարներուն կ՝ընդգրկուին 8-16 տարեկանները։ Ճամբարականներուն համար նախատեսուած է ուսումնադաստիարակչական ու ճանաչողական ծրագիր, հայրենասիրական երգերու, պարերու ուսուցում, մարմնամարզութիւն եւ բազմաբնոյթ խաղեր։ Ճամբարը կը սկսի ժամը 9։30-ին եւ կ՝աւարտի՝ 16։30-ին։ Օրուան ընթացքին կը նախատեսուի երկու անգամեայ սնունդ։ Բոլոր մասնակիցներուն կը տրուին ճամբարին բնորոշ տարբերանշանով վերնաշապիկներ եւ գրենական պիտոյքներով թղթապանակներ։

ԱՄՆ Արեւելեան շրջանէն ժամանող խմբապետերուն կ՝օգնեն Ջաւախքի «Զօրի Զօրեան» Երիտասարդական միութեան ու Պատանեկան միութեան անդամները։