ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Շառլ Միշէլի Կողմէ Աղտամը Որպէս Բերձորի Միջանցքին Այլընտրանք Նկատելը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Որպէս համաեւրոպաական հասարակական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ Եւրոպաայի հայկական սփիւռքի զգալի մասը, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը իր խոր հիասթափութիւնն ու վրդովմունքը կը յայտնէ Եւրոպաական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ` ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ եռակողմ հանդիպումէն ետք, 2023 Յուլիս 15-ին:

Շառլ Միշէլի այն մօտեցումը, ըստ որում` Աղտամէն Արցախ «մարդասիրական» մատակարարումներ իրականացնելու ազրպէյճանական պայմանը կը հաւասարի Բերձորի միջանցքի բացման կարեւորագոյն խնդրին, մեծ սխալ է։ Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք կը դատապարտենք նախագահ Միշէլի աջակցութիւնը ազրպէյճանական օրակարգին, որն է՝ օգտագործել Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը որպէս արցախահայութեան «մարդասիրական օգնութիւն» տրամադրելու ուղի․ այն հայ բնակչութեան, որուն ազրպէյճանը, ահաբեկելով եւ շրջափակման մէջ պահելով, աւելի քան եօթը ամիս է, որ կը փորձէ մատնել սովի։ ազրպէյճանը փաստացիօրէն աստիճանաբար կը սեղմէ Արցախի բնակչութեան շուրջ մահաբեր օղակը՝ շարունակ մղելով յուսահատութեան ։

Եւրոպաական խորհուրդի նախագահը, արտայայտելով ԵՄ աջակցութիւնը աարպէյճանական օրակարգին, ոչ միայն կ’օրինականացնէ մենատիրական վարչաձեւի ցեղական զտումներուն քաղաքականութիւնը, այլեւ հակասութեան մէջ կը մտնէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռին հետ, որմով ազրպէյճանին յանձնարարուած էր անյապաղ վերացնել Բերձորի միջանցքին շրջափակումը։ Այս յայտարարութիւնը նաեւ կ’անտեսէ 2023 թուականի Մարտին Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որ կոչ կ’ընէր ԵՄ խորհուրդին պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի կառավարութեան անդամներուն նկատմամբ, եթէ ազրպէյճանը անյապաղ չկատարէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Փետրուար 22-ի հրամանը: ԵՄ ղեկավարութեան այս մօտեցումը թոյլ կու տայ պաքուին խուսափիլ ճնշումներէն Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով:

Յուլիս 15-ին Շառլ Միշէլի մամուլի յայտարարութիւններուն մէջ կան այլ խիստ խնդրայարոյց դրոյթներ, որոնցմէ է իր կողմէ «Ղարաբաղ» եզրոյթի օգտագործումը «Լեռնային Ղարաբաղ»ի փոխարէն, ինչ որ քաղաքական նշանակութիւն եւ աշխարհագրական յստակ սահմաններ ունեցող տարածք է: Բաց աստի, ան կը խուսափի պատշաճ կերպով անդրադառնալէ 120,000 խաղաղ բնակիչներու աղէտալի մարդկային իրավիճակին, չի շեշտեր ազրպէյճանի պարտաւորութիւնները միջազգային հանրութեան առաջ, չ’անդրադառնար պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջազգային երաշխիքներու անհրաժեշտութեան, ինչպէս՝ գերիներու վերադարձի կարեւորութեան:

Յուլիս 14-ին, եռակողմ հանդիպման ընդառաջ, եւրոպաական 470 կազմակերպութիւններ՝ ներառեալ ՀՅԴ Եւրոպաայի Հայ Դատի Գրասենեակը, բաց նամակով դիմած են նախագահ Միշէլին՝ վեց յստակ պահանջներով, որոնք կը վերաբերին Արցախի ժողովուրդին հիմնարար եւ անձեռնմխելի իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Թէեւ մենք երախտապարտ ենք հաստատուած հաղորդակցութեան համար, որպէս ԵՄ քաղաքացիներ յոյս ունէինք, որ անիկա կը յանգի յստակ արդիւնքներու։ Աւաղ, մամուլի յայտարարութեան բովանդակութիւնը հակառակը կ’ապացուցէ։

Խաղաղութեան համար միջնորդութիւնը չի կրնար հիմնուած ըլլալ պատերազմին պարտուած կողմին շարունակական զիջումներ պարտադրելու տրամաբանութեան վրայ՝ միաժամանակ դանդաղօրէն լեգիտիմացնելով ազրպէյճանի կործանարար քաղաքականութիւնը։ Այս մօտեցումը ԵՄ-ն կը դարձնէ Արցախի մէջ ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան մեղսակից։ Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք կոչ կ’ուղղենք ԵՄ ղեկավարութեան անյապաղ դադրեցնելու նմանաբնոյթ մօտեցումները, քանի որ բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած են բանակցային գործընթացին մէջ, կը կրեն ուղղակի պատասխանատուութիւն արդիւնքներու հարցով։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպաայի գրասենեակը Շառլ Միշէլին կոչ կ’ուղղէ վերանայելու իր յայտարարութիւնը՝ հաշուի առնելով վերը նշուած հանգամանքները։ Առանց համապատասխան վերանայման նախագահ Միշէլի միջնորդական ջանքերը կողմնակալ են: Մենք դեռ յոյս ունինք, որ արդարութեան ձայնը լսելի կ’ըլլայ, եւ որ մարդու արժանապատուութեանն ու իրաւունքներուն հաւատարմութիւնը Եւրոմիութեան համար դատարկ սկզբունք չէ, որմով վերջինս կ’առաջնորդուի, երբ անիկա կը համընկնի իր քաղաքական շահերուն հետ: