
Հայաստանի Մէջ Արցախի Համաժողովրդական Շարժման Միացած «Մենք Արցախն Ենք» Նախաձեռնութիւնը Պիտի Այցելէ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց Հացադուլ Յայտարարած Մայրերուն
Հայաստանի մէջ Արցախի համաժողովրդական շարժման միացած «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութիւնը Յուլիս 20-ին, ժամը 11:00-ին, պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց հացադուլ յայտարարած մայրերուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան «օփերաթիւ շտաբ»-էն:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է․ «Յուլիս 20-ին, ժամը 11:00-ին, Արցախի համաժողովրդական շարժման միացած «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութեան անդամները պիտի այցելեն ՄԱԿ-ի Հայաստանեան գրասենեակին դիմաց հացադուլ յայտարարած մայրերուն։
Այնուհետեւ, նախաձեռնող խումբի անդամները պիտի շարժին դէպի Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան գրասենեակ՝ հանդիպում պահանջելու։
Յարգելի մայրեր, կը խնդրենք միանալ մեր նախաձեռնութիւններուն»։