Եւրոխորհրդարանի Յանձնաժողովը թուրքիային Կոչ Ըրած է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը անգարային կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին նշուած է յանձնաժողովի` թուրքիոյ վերաբերեալ հաշուէտուութեան մէջ։ Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ԵՄ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։

Համաձայն նշեալ տեղեկութեան՝ յանձնաժողովը կ՝աջակցի Հայաստանի եւ թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ մեկնելով հաշտեցման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան շահերէն։

Յանձնաժողովը կոչ կ՝ընէ շուտափոյթ իրականացնելու յատուկ ներկայացուցիչներու պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս օդային տարածքի եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի բացումը, եւ կ՝ողջունէ մինչ այժմ արձանագրուած յառաջընթացը` գոհունակութեամբ նշելով Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանի ներկայութիւնը թուրքիոյ նախագահ ռեճեփ թայիփ էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան։

«Յանձնաժողովը կոչ կ՝ընէ թուրքիային ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտեցման ճանապարհ հարթելու համար»,- նշուած է զեկոյցին մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ կայ թուրքիոյ ուղղուած այլ կոչ մը եւս` ամբողջութեամբ կատարելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները։