
Առաջարկուող Ճանապարհը Դէպի Նոր Սումգայիթ Կը Տանի (լուսանկարներ)
Յուլիս 18-ին խումբ մը արցախցիներ Ասկերան քաղաքէն քայլերթով շարժած են դէպի Ակնա (Աղդամ) տանող ճանապարհ։ Ցոյցը կազմակերպուած է Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատին կողմէ՝ ի պատասխան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ շառլ միշէլի՝ Ակնայով (Աղդամ) մարդասիրական մատակարարումներ ապահովելու հնարաւորութեան մասին յայտարարութեան։ Արցախցիները կրաշաղախով արգելապատնէշներ տեղադրած են Ակնայէն դէպի Ասկերան տանող ճանապարհին վրայ՝ շեշտելով, որ առաջարկուող ճանապարհը դէպի մահ կը տանի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։
Ելոյթ ունենալով ներկաներուն առջեւ՝ Ասկերանի բնակիչ Ալիոշա Գաբրիէլեան նշած է, որ անընդունելի է առաջարկուող մարդկայնական օգնութիւնը։ «44-օրեայ պատերազմէն ետք Նոյեմբեր 9-ին ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ սեւը սպիտակի վրայ գրուած է, որ Արցախը մայր Հայաստանի հետ մէկ ճանապարհ, միջանցք ունի, ուրկէ պէտք է կապ ըլլայ մեր հայրենակիցներուն միջեւ։ Ասկերանով դարեր շարունակ ցանկացած են մտնել մեր հոգեւոր մայրաքաղաք Շուշի, այս անգամ ալ պիտի չի ձգենք, այս անգամ ալ պատրաստակամ ենք, որպէսզի միասնաբար արգելապատնէշ դնենք»,- իր խօսքին մէջ նշած է ան։


