Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Այս շաբաթավերջին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին բացումը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի շրջաններէն 750 սկաուտներու: Բանակումին հիւրաբար կը մասնակցին Իրանի «Արարատ, «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու սկաուտական պատուիրակութիւնները:

Համա-ՀՄԸՄ-ական բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման, սկաուտական բանակումը եւս տարիով մը յետաձգուեցաւ Քորոնայի համաճարակին պատճառով: Համա-ՀՄԸՄ-ական վերջին բանակումը կատարուած էր միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, յուլիս 2018-ին:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը տեղի կ՛ունենայ 21-30 Յուլիս 2023, Բիւրական, Հայաստան: Բանակումի նախօրեակին, հինգշաբթի, 20 Յուլիսին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ կը կազմակերպուի մամլոյ ասուլիս` ծանօթացնելու համար բանակումին աշխատանքները: Մամլոյ ասուլիսը ուղղակի կը սփռուի ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով:

Բանակումը իր աշխատանքներուն բացումը կը կատարէ ուրբաթ, 21 յուլիսին: Օր մը ետք, Շաբաթ, 22 Յուլիսին, բանակողները Երեւանի մէջ կը կատարեն շքերթ եւ կ’այցելեն Մեծ եղեռնի նահատակաց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ կ’այցելեն նաեւ Եռաբլուրի արցախեան նահատակաց պանթէոն:

Բանակումը հարուստ է սկաուտական յայտագիրներով եւ խաղերով: Օր մը նախատեսուած է մասնակից պատուիրակութիւններու երկիրներու մշակոյթներուն ներկայացման համար: Նախատեսուած է նաեւ «Homenetmen got talent»-ի մրցում մը: Շրջապտոյտներ կազմակերպուած են դէպի Սեւանայ լիճ եւ Գիւմրի: Յայտագիրին վրայ է յեղափոխական երգերու երեկոյ մը` Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին օրը, 27 Յուլիս 2023-ին:

Բանակումին փակումը նախատեսուած է Շաբաթ, 29 Յուլիսին, յատուկ խարուկահանդէսով եւ ծնողներու բանակավայր այցելութեամբ: Փակման հանդիսութեան կը կատարուի միութեան սկաուտական բարձրագոյն կարգի` «Արարատեան» դասընթացքի թեկնածուներուն կարգի տուչութիւնը յատուկ փողկապով եւ հաստատագիրով, պաշտօնական հանդիսութեամբ: Բանակումին գլխաւոր աշխատանքները ուղղակի կը սփռուին ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին նշանաբանն է «Խրոխտ, խիզախ, մի՛շտ պատրաստ»: Բանակումը ունի իր խորհրդանշանը (հեղինակ` Յովիկ Փամփալեան, Սուրիայէն) եւ քայլերգը (խօսք եւ երաժշտութիւն` Ակուսթին Անալեանի, Հարաւային Ամերիկայէն):

Բանակումին ընդհանուր խմբապետն է Պօղոս Մահպուպեան` ՀՄԸՄ-Ֆրանսէն, փոխխմբապետներն են` Գէորգ Օհանեան` Հայաստանէն եւ Շարլին Գէօզալեան` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն: Բանակումին խմբապետական գործադիր կազմը բաղկացած է հետեւեալներէն. Թամար Քէշիշեան (Լիբանան), Մենար Պոյաճեան (Միւնիխ), Յովիկ Փամփալեան (Սուրիա), Արամ Գայսէրեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ), Ակուսթին Անալեան (Հարաւային Ամերիկա), Գրիգոր Տուլգարեան (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ) եւ Աւագ Կարապետեան (Քուէյթ):

Յայտնենք, որ այս տարի կը նշուի համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու 45-ամեակը: Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին բանակումը տեղի ունեցած է 1978-ին:

Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին չորս բանակումները կատարուած են Հայաստանէն դուրս` Յունաստան (1978, 1990), Ֆրանսա (1980) եւ Անգլիա (1986): Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 1994-էն սկսեալ եւ չորս տարին անգամ մը, անոնք կազմակերպուած են Հայաստանի մէջ: