120,000 Արցախահայեր Կը Գտնուին Կենսական Ծանր Պայմաններու Մէջ, Եկած է Միասնական Ըլլալու Պահը. Հոգեւորական

Աշխարհ, Հայաստան

Արդէն եօթը ամիսէն աւելի է, որ փակ է Արցախի կեանքի ճանապարհը, հաւաքուած ենք այսօր այստեղ միաբանուած ըլլալու եւ մեր արդարացի կոչը ուղղելու՝ բանալու կեանքի ճանապարհը: Այս մասին, ըստ News.am-ի, այսօր, Յուլիս 17-ին, Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց արցախցիներու բողոքի ցոյցին ժամանակ ըսաւ հոգեւորականը։

Ան կոչ ըրաւ. «120,000 արցախահայեր կը գտնուին կենսական ծանր պայմաններու մէջ։ Եկած է միասնական ըլլալու, ոտքի կանգնելու ու մեր արդարացի պահանջը համայն աշխարհին ներկայացնելու պահը։ Արցախը եղած է, կայ, պէտք է ըլլայ հայկական, ու մենք՝ հայերս, պէտք է պահանջատէր ըլլանք մեր հայրենիքին։

Երբեք յոյսերնիս չկորսնցնենք,  այլ համախմբուինք, ըլլանք միասնական։ Եկած է պահը»։

Ցոյցի մասնակիցները յիշեցուցին՝ ՄԱԿ-ը նպատակադրուած է նուազեցնելու մանկական մահացութեան թիւը, մինչդեռ Արցախի մէջ շրջափակման պատճառով կը մահանան հացի ետեւէ գացող միայնակ մօր երեխաները. «Որո՞ւն պէտք են կարգախօսները։ Շրջափակուած Արցախի անունով կոչ կ՝ընենք միջազգային կառոյցներուն, ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն՝ յայտարարութիւններէն, յորդորներէն զատ գործնական քայլերով կանխելու Արցախի մէջ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղական զտումների եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը,  իրաւական պատժամիջոցներով գործի դնելու Հաագայի դատարանին որոշումները»։

Նշենք, որ ցոյցի մասնակիցները ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտէն քալած են նաեւ դէպի ՌԴ դեսպանութեան շէնք: