Հարիւրաւոր Եւրոպական ՀԿ-ներ Իրենց Ղեկավարներէն Կը Պահանջեն Պատժամիջոցներ Կիրառել ազրպէյճանի Հանդէպ

Աշխարհ, Հայաստան

Աւելի քան 470 եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններ (ՀԿ) եւ միաւորումներ նամակ յղած են Եւրոպական միութեան եւ Եւրոպայի
խորհուրդի ղեկավար անձերուն՝ յորդորելով անյապաղ եւ արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկել ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակական անօրինական շրջափակումը վերացնելու համար։

Նամակը հասցեագրուած է Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն։

Նամակին հեղինակները կը մատնանշեն անտանելի կենսապայմանները, որոնց մէջ յայտնուած են 120,000 արցախահայեր՝ ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան 7 ամիս Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող միակ ճանապարհի կանխամտածուած շրջափակման հետեւանքով։

«Յանուն մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքի, յանուն այն արժէքներուն, որոնց ջատագովն են եւրոպական ժողովրդավարութիւնները, յանուն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի» եւրոպական կազմակերպութիւնները իրենց առաջնորդներէն կը խնդրեն ձեռնարկել հետեւեալ վեց յստակ գործողութիւնները․

ազրպէյճանէն կրկին պահանջել անյապաղ դադրեցնել Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին յայտարարութեան խախտումները, հանել Հագարիի կամուրջին անցակէտը, որ տեղադրուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտումով, ինչպէս նաեւ ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքն ու ապահովել մարդոց եւ ապրանքներու ազատ ու ապահով շարժը դէպի Արցախ եւ հակառակ ուղղութեամբ։

ազրպէյճանի եւ անոր ղեկավարներու հանդէպ կիրառել տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներ՝ ռազմական յանցագործութիւններու, միջազգային պարտաւորութիւնները չկատարելու, Հայաստանի Հանրապետութեան
տարածքին մէկ մասը գրաւելու եւ Արցախը շրջափակելուն համար։

Օգտագործել բոլոր լծակները՝ կանխելու պաքուի ցանկացած վերահսկողութիւն Արցախի հանդէպ, քանի որ ատիկա անխուսափելիօրէն կը նշանակէ Արցախի տեղաբնիկ հայ բնակչութեան ցեղական զտում։

Ճանչնալ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը  իբրեւ կենսական անհրաժեշտութիւն եւ օգտագործել բոլոր լծակները, որպէսզի Արցախի կարգավիճակը արտացոլէ իր բնիկ հայ բնակչութեան ժողովրդավարական կամարտայայտումը, ինչպէս նաեւ ստեղծէ պայմաններ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար։

Գործարկել օդային միջանցք՝ Արցախին շտապ տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ Ստեփանակերտի օդակայանին միջոցով օդային հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:

Իբրեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապայման՝ ճնշում գործադրել ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինիս զօրքերը անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու դուրս հանուին ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն եւ վերջ տալ
Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ իր յարձակողական դիրքորոշման։

Նամակը յղուած է Եւրոպական միութեան առաջնորդներուն, մասնաւորապէս՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ շառլ միշէլին՝ իր, Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանի եւ ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի միջեւ
2023 թուականի Յուլիս 15-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք եռակողմ հանդիպման ընդառաջ։

Եւրոպացիները յանուն Արցախի նախաձեռնութիւն