
Արցախցիները Կանգնած Են Ֆիզիքական Ոչնչացման Առաջ. Արայիկ Յարութիւնեանը Նստացոյց Յայտարարեց (տեսանիւթ)
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այսօր, Յուլիս 17-ին, յայտարարեց, որ նստացոյց պիտի սկսի։ Ան ըսաւ, որ կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ նստացոյց ընողներուն։
Յարութիւնեան ըսաւ, որ այս ծայրայեղ քայլին կը դիմէ, քանի որ վիճակը օրհասական է եւ ոչինչ կը մնայ ընելու, քանի որ միջազգային հանրութիւնը միայն բարի խօսքերով կը սահմանափակուի եւ չ՝իրականացներ գործուն քայլեր․ «Ասիկա լրացուցիչ ճիգ ու ահազանգ է միջազգային հանրութեան գործնական ուշադրութիւնը գրաւելու, յորդորելու միջազգային հանրութեան կատարելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, մղելու հայ ժողովուրդը եւ մեր բոլոր բարեկամները աշխոյժ ու անյապաղ գործողութիւններու»։
Ան նշեց, որ այս նստացոյցով կ՝ակնկալեն, որ Հայաստանը, Ռուսիան, ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան, ԵՄ-ն, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդն ու այլ լիազօր մարմիններ զերծ պիտի մնան ազրպէյճանի յետագայ յարձակողական, յանցաւոր քայլերը խրախուսելէ եւ պիտի կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿ–ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամաններու եւ միջազգային այլ ակտերու ու պարտաւորուածութիւններու պատշաճ կատարման ուղղութեամբ։
«Արդէն 7 ամիսէն աւելի է որ Արցախի ժողովուրդը կը մաքառի մարդկութեան դէմ ազրպէյճանական նոր յանցագործութեան՝ շրջափակման դէմ։ Արցախի քաղաքացիներու, մեքենաներու, բեռներու տեղաշարժի խոչընդոտները վերջին 1 ամիսը նաեւ նոյնիսկ մարդասիրական բեռներու մատակարարման ամբողջական արգելքը, կազամատակարարման ու ելեկտրամատակարարման շարունակական խափանումը, պարբերական ռազմական յարձակումներն ու սադրանքները, հոգեբանական ահաբեկչութիւնը նպատակ ունին ճնշելու եւ կոտրելու Արցախի ժողովուրդին ազատ կամքն ու ինքնորոշման իրաւունքը, բռնի կերպով հպատակեցնելու զայն եւ ի վերջոյ յանգեցնելու ցեղական զտման։ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդն ու իշխանութիւնները բազմիցս արտայայտած են իրենց դիրքորոշումները»,- ըսաւ նախագահը։
Արայիկ Յարութիւնեանը արցախցիներու դիրքորոշումներէն առանձնացուց քանի մը հատը, որոնց կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ տեսանիւթով․