
Գեղեցիկ Դահլիճներու Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Մասին Խօսիլը Շատ Դիւրին է․ Արցախի ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան կը գրէ․
«Ամենավատ երազի մէջ չէի պատկերացներ, որ Արցախը օգնութիւն պիտի խնդրէ Հայաստանէն, պիտի յորդորէ չէզոք ու կրաւորական կեցուածք չընդունիլ։
․․․Կ՝ըսէք մարդու իրաւունքներ։ Ուրեմն ըսէք ինծի՝ ես ինչպէ՞ս նայիմ այս ժողովուրդի աչքերուն ու ըսեմ, որ իրենք ալ ունին իրաւունքներ, ես ինչպէ՞ս նայիմ թերսնուցման մէջ գտնուող յղի կնոջ աչքերուն, որուն երեխան կրնայ արատներով ծնիլ։
Ես ինչպէ՞ս նայիմ այն մայրերու աչքերուն, որոնց օրուան ամենամեծ երազանքը իրենց երեխայի համար բուռ մը միրգ կամ քաղցրաւենք հայթայթելն է։ Գեղեցիկ դահլիճներու մէջ խօսիլ մարդու իրաւունքներու մասին շատ դիւրին է»։