Ոչ ոք կրնայ հայը զրկել իր նուիրական երազանքներէն եւ ՆՊԱՏԱԿէն․ Տէր Փառէն Քհնյ․ Առաքելեան

Հայաստան

Տէր Փառէն Քհնյ․ Առաքելեան Facebook-ի իր էջին վրայ կը գրէ․

«Յայտնի է, որ գործողութիւնները պայմանաւորուած են նպատակով։ Օրինակ Եկեղեցւոյ եւ ողջ քրիստոնէութեան տեսանկիւնէն նպատակը այն է, որ մարդը արժանանայ Երկնքի Արքայութեան։ Այս նպատակէն մեկնելով քրիստոնեան կը փորձէ առաքինի ապրիլ, դիմացինը չվնասել եւ առհասարակ մեղքէն զերծ կեանք ապրիլ։ Մէկ խօսքով` առջեւդ դրուած նպատակէն կախուած են գործողութիւններդ եւ իրականացուող խնդիրներդ։

Մեր պետութեան պարագային կան նուիրական սրբութիւններ` զինանշան, դրօշակ, օրհներգ, որոնք կ՝արտացոլեն թէ’ մեր պատմութիւնը, թէ’ նուիրական երազանքներն ու ՆՊԱՏԱԿԸ։ Այս նպատակէն եւ երազանքներէն պէտք է բխին մեր գործողութիւնները։ Ոչ թէ պէտք է փոխուի նպատակը, այլ՝ գործողութիւնները, եւ եթէ մարդիկ չեն կրնար իրականացնել նուիրական գործողութիւններ, ուստի պէտք է փոխուին այդ մարդիկ։

Ի՞նչ կը նշանակէ պատասխանատու յայտնի անձի «մեր պետութեան խորհրդանիշերը պէտք է արտացոլեն մեր այսօրուան պետութիւնը» խօսքը։

Պետութեան խորհդանիշը պաստառ չէ, որ համապատասխանէ կարճ ժամանակաշրջանի մը եւ արտացոլէ միմիայն ներկան։

Ոչ ոք կրնայ հայը զրկել իր նուիրական երազանքներէն եւ ՆՊԱՏԱԿէն»։

All reactions:88