Ժողովուրդն ու Երկիրը Վտանգի Տակ են․ Անհրաժեշտ է, Որ Ամբողջ Ժողովուրդը Կազմակերպուած, Պետական Մակարդակով Պայքարի Իր Իրաւունքներուն ու Ապագային Համար․ Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանը հանդէս եկած է կոչով, ուր կ՝ըսուի․

«Թանկագի՛ն հայրենակիցներ, բարեկամներ, կուսակիցներ,

Բոլորէն կը խնդրեմ վաղը, ժամը 09:00-ին ըլլալ Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Ժողովուրդն ու երկիրը վտանգի տակ են:

Անհրաժեշտ է, որ ամբողջ ժողովուրդը կազմակերպուած, պետական մակարդակով պայքարի իր իրաւունքներուն ու ապագային համար, պայքարի արժանապատուօրէն, առանց ջղացնցումներու, ինչպէս պէտք է գործէ իսկական հայը, արցախցին, հայրենասէրը»։