Ազգերը Իրենց Պայքարի Կամքով ու Տոկունութեամբ Կը Նուաճեն Իրենց Իրաւունքները․ Ռուբէն Վարդանեան

Հայաստան

Ռուբէն Վարդանեանը Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է Radio Aurora «Ռատիօ Աւրօրա»-ի եթերով ունեցած հարցազրոյցի կարեւոր թեմաներուն։

«Այսօր հարց ուղղեցին, թէ ի՞նչ կրնան ընել Արցախի համար: Պատասխանս աւելի քան պարզ է՝ նախ ամէն օր եթերով բարձրացնել Արցախի թեման, ամէն օր կրկնել, որ Արցախը հայկական պիտի մնայ, երկրորդը՝ թոյլ չտալ, որ այսօրուան իշխանութիւնները հարուած հասցնեն մեր ազգային արժէհամակարգին, աւանդոյթներուն ու բարոյական սկզբունքներուն, չհանդուրժել ու չլռել, երբ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը կ՝որոշէ այլեւս չօգտագործել «Արցախի Հանրապետութիւն» եւ «Արցախ» բառերը: Մենք կ՝ապրինք ու պիտի շարունակենք ապրիլ Արցախի Հանրապետութեան մէջ:

Հայրենիքի ազատութիւնը, հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքին համար պայքարը շարունակական է, ու մենք ամէն օր պէտք է պատրաստ ըլլանք աննոր: Կը յաջողին այն ժողովուրդները, որոնք չեն վհատիր, չեն հիասթափուիր կէս ճանապարհէն: Օրինակ, Իռլանտան իր անկախութեան համար պայքարած է հարիւրամեակներ եւ, ի վերջոյ, հասած յաջողութեան: Արժանապատիւ պայքարի ամէն օրը կրնայ նոր իրավիճակ ստեղծել: Պէտք է գիտակցիլ, որ աշխարհը ոչ մէկուն որեւէ երաշխիք կու տայ. ազգերը իրենց պայքարի կամքով ու տոկունութեամբ կը նուաճեն իրենց իրաւունքները եւ կը վաստակին իրենց հանդէպ յարգանքը»:

Տեսանիւթը դիտել այստեղ։