
«Հայաքվե»-ն՝ Ընդդէմ Արցախը Յանձնող Վարչախումբին (տեսանիւթ)
Նիկոլ Փաշինեանը արդէն տասնեակ, եթէ ոչ՝ հարիւրաւոր անգամ անուղղակի, ապա եւ ուղղակի կերպով Արցախը կը ճանչնայ ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Հայ ժողովուրդը իրեն նման իրաւագիր չէ տուած, աւելին՝ ան խաբած է իր ընտրազանգուածը երկու տարի առաջ, Արցախի ինքնորոշման խոստում տուած, հիմա ալ զայն կը յանձնէ ազրպէյճանին։ Ո՞վ պէտք է բռնէ Փաշինեանի ձեռքն ու պատիժ եւ պատասխանատուութիւն սահմանէ նման թշնամական գործելակերպի համար, եթէ ոչ՝ նոյնինքն ժողովուրդը։ Այդպիսի հրաշալի հնարաւորութիւն կայ այս օրերուն՝ «Հայաքվե» քաղաքացիական օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը։
Կա՞յ գէթ մէկ հայ քաղաքացի, որ հպարտօրէն եւ բացէ ի բաց կ՝ընդունի, թէ Արցախը պէտք է ճանչցուի այլ պետութեան, այս պարագային՝ ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Բացի Փաշինեանէն եւ իր խունտայէն, ի հարկէ։
Մեր սահմանադրական կարգին եւ Անկախութեան հռչակագրին դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է ատիկա, եւ ուրեմն՝ պէտք է պատժուի։ Ոեւէ մէկը պետութեան անունով իրաւունք չունի ճանչնալու Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ, հետեւաբար՝ պէտք է Քրէական օրէնսգիրքը համալրել ատոր անթոյլատրելիութեան մասին յօդուածով եւ ազատազրկում նախատեսել այդ յանցանքի պարագային։
168.am