
ԿԽՄԿ Մարդասիրական Բեռներու Մատակարարումը ազրպէյճանի Կողմէ Խոչընդոտելը Պատերազմական Յանցագործութիւն է. ԱՀ ԱԳՆ
Յուլիս11-ին ազրպէյճանական կողմը հերթական անգամ արգիլած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) փոխադրամիջոցներուն տեղաշարժը Բերձորի միջանցքէն ապօրինաբար տեղադրուած հսկիչ անցակէտով՝ այդպիսով իսկ կոպտօրէն խախտելով ինչպէս միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները, այնպէս ալ 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններն ու ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 2023 թ․ Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի որոշումները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Այն փաստը, որ այդ ապօրինի եւ անմարդկային գործողութիւնը արդարացնելու համար ազրպէյճանը յղում կը կատարէ ԿԽՄԿ-ին պատկանող մեքենաներով այնպիսի «չարտօնուած իրեր»-ու տեղափոխման, ինչպէս՝ բջիջային հեռախօսներն ու մասերը, ծխախոտն ու վառելիքը, միայն կ՝ապացուցէ Արցախի շարունակուող փոխադրամիջոցային, պարէնային եւ ուժանիւթի շրջափակումը, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակասը, ինչպէս նաեւ պաքուի թշնամական եւ մարդատեաց վերաբերմունքը Արցախի ժողովուրդին հանդէպ։
Կրկին կ՝ընդգծենք, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներուն համաձայն՝ ազրպէյճանը պարտաւոր է չխոչընդոտել մարդասիրական բեռներու մատակարարումը պաշարուած Արցախին։ Տուեալ պարտաւորութեան խախտումը կը հանդիսանայ Ժընեւի համաձայնագրերու դրոյթներու լուրջ խախտում եւ կ՝որակուի իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն։
Հաշուի առնելով դէպքին վերաբերեալ ԿԽՄԿ Յուլիս 11-ի յայտարարութիւնը՝ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ազրպէյճանի գործողութիւնները ուղղակիօրէն կը խախտեն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած Եռակողմ յայտարարութիւնը, որմով, մասնաւորապէս, կը նախատեսուէր Բերձորի միջանցքի գործունէութեան վերահսկողութիւնը վերապահել ՌԴ խաղաղապահ ուժերուն՝ ապահովելու կապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու երկու ուղղութիւններով երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։ Աւելին, ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին արգելափակման շարունակումը ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտադիր երկու որոշումներու խախտում է, որոնց համաձայն ազրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել մարդոց եւ ապրանքներու երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով։ Կ՝ընդգծենք, որ միջազգային դերակատարները Բերձորի միջանցքի հարցին շուրջ իրենց մօտեցումներուն մէջ պէտք է առաջնորդուին ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտադիր որոշումներով։
Խոչընդոտելով ԿԽՄԿ կողմէ իրականացուող մարդասիրական գործունէութիւնը, ներառեալ՝ բժշկական տարհանումները, ազրպէյճանը ոչ միայն կ՝անտեսէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, այլեւ կը սրէ Արցախի մէջ ստեղծուած առանց այն ալ ծանր մարդկայնական իրավիճակը։ Տուեալ արգելքը, ըստ էութեան, անյետաձգելի բժշկական օգնութեան սուր կարիք ունեցող անձերը ընդհանրապէս կը զրկէ անոր հասանելիութենէն, որ կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու, ընդհուպ մինչեւ մարդոց մահուան:
ԿԽՄԿ մարդասիրական գործունէութեան խաթարումը, Յունիս 15-էն ի վեր Արցախի ամբողջական շրջափակումը, ազրպէյճանի հետեւողական խոչընդոտումը Արցախի բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ անտանելի կենսապայմաններու ստեղծման միտուած քաղաքականութիւնը Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ազրպէյճանի ցեղասպան մտադրութիւններու հերթական դրսեւորումն են։
Անհրաժեշտ կը համարենք, որ միջազգային հանրութիւնը դատապարտէ ազրպէյճանի ապօրինի գործողութիւնները եւ ճնշում գործադրէ՝ վերականգնելու Բերձորի միջանցքով մարդասիրական փոխադրումներ եւ բժշկական տարհանումներ իրականացնելու ԿԽՄԿ հնարաւորութիւնը՝ հիմք ընդունելով մարդու արժանապատուութեան յարգման սկզբունքը, ինչպէս նաեւ հաւաքական ջանքեր գործադրէ՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Հերթական անգամ կը յիշեցնենք, որ խաղաղ գործընթացի մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը պատասխանատուութիւն կը կրեն Արցախի արդէն 7 ամիս շարունակուող յանցաւոր շրջափակումը վերացնելու եւ ազրպէյճանի կողմէ 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշումներու լիարժէք կատարումը ապահովելու համար»։