ԵՄ-ն ազրպէյճանին Կրկին Կոչ Կ՝ընէ Ապահովելու Բերձորի Միջանցքէն Մարդոց եւ Ապրանքներու Անխոչընդոտ Տեղաշարժը

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական միութիւնը հաստատապէս կ՝աջակցի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) գործողութիւններուն` իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ հիմնական մարդասիրական կազմակերպութիւն: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Եւրոպական Միութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ ԿԽՄԿ-ը կ՝ապահովէ էական մարդասիրական աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն անոնց, որոնց համար անիկա անհրաժեշտ է՝ չեզոքութեան, անկախութեան եւ անաչառութեան մարդասիրական սկզբունքներուն համահունչ։

«Բերձորի միջանցքին երկայնքով անոնց աշխատանքը բացառապէս կեդրոնացած եղած է Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար անհրաժեշտ կարիքներու եւ մարդասիրական օգնութեան ապահովման վրայ: ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է ապահովել պայմաններ, որ կ՝արտօնէ ԿԽՄԿ-ին՝ շարունակելու իր գործունէութիւնը եւ կանխելու հնարաւոր մարդկայնական ճգնաժամը:

ԵՄ-ն վճռականօրէն կ՝աջակցի ԿԽՄԿ-ի վճռորոշ դերի իրագործման տարածաշրջանին մէջ եւ կը վերահաստատէ իր կոչը ազրպէյճանին՝ ապահովելու Բերձորի միջանցքէն մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: