«Տիարպեքիրսփոր»-ը Իր Նոր Տարբերանշանը Հայաստանի Զինանշանը Կ՝ուզէ Ընտրել․ թուրքիոյ Մէջ Մեծ Աղմուկ Բարձրացած է

Աշխարհ, Հայաստան

թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած է Տիրարպեքիրի «Տիարպեքիրսփոր» ակումբի անուան եւ տարբերանշանին փոփոխութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Aydinlik-ը։

Աղբիւրին համաձայն՝ «Տիարպեքիրսփոր»-ը դիմած է համապատասխան մարմիններուն՝ անունի եւ տարբերանշանի փոփոխութեան համար։

Կայքը ներկայացուցած է դիմումին օրինակը, ուր առկայ եղած է նոր տարբերանշանը եւ նոր անունը։ Ուշադրութիւն գրաւած է այն հանգամանքը, որ նոր տարբերանշանը շատ նման է Հայաստանի զինանշանին։

Այս փաստը թուրքիոյ մէջ յառաջացուցած է մեծ աղմուկ։

«Տիարպեքիրսփոր»-ի պատասխանատուները դեռ չեն հաստատած կամ հերքած այս տեղեկութիւնը։