Տարակուսանք Կ՝առաջացնէ՝ Հ 1-ը Հիմա Ալ Արցախը Փոխարինած է Լեռնային Ղարաբաղով. Արցախի ՄԻՊ
Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան լուրերու թողարկման ժամանակ կ՝օգտագործուի բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը, որ անկեղծօրէն տարակուսանք կ՝առաջացնէ, որովհետեւ մինչեւ վերջերս մշտապէս կ՝օգտագործուէր Արցախ անուանումը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
«Արցախի ժողովուրդը ի հարկէ չի հրաժարիր Լեռնային Ղարաբաղ եզրոյթէն, աւելին, ԱՀ սահմանադրութեան համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն անուանումները նոյնական են:
Այնուամենայնիւ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը հանրապետութիւն բառը շատոնց չ՝օգտագործեր, հիմա ալ զարմանալիօրէն Արցախը փոխարինած է Լեռնային Ղարաբաղով, այն պարագային, երբ օրինակ միջազգային լրատուական խումբի մաս կազմող Ազատութիւն եւ Սփութնիք Արմենիա լրատուականները կ՝օգտագործեն Արցախ անուանումը։
Եթէ խնդիրը միջազգային դերակատարներուն աւելի հասկնալի ըլլալուն մէջ է, ուստի նախ՝ կը կարծեմ Արցախ անուանումը հարցով հետաքրքրուած դերակատարներուն կողմէ արդէն իսկ հասցուցած է ճանաչելի եւ ընկալելի դառնալ, եւ երկրորդ՝ արդեօ՞ք հնարաւոր չէ գոնէ օգտագործել երկու անուանումներն ալ զուգահեռ՝ Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ)։
Յաճախ միջազգային լրատուադաշտի ներկայացուցիչները Լեռնային Ղարաբաղին զուգահեռ կ՝օգտագործեն Արցախ անուանումը՝ յարգանք դրսեւորելով տեղացիներուն հանդէպ, որովհետեւ միջազգային իրաւունքը տեղանուններն ու աշխարհագրական անուանումները չի համարեր պետութիւններու սեփականութիւն, այլ կը համարէ ժողովուրդներու ոչ նիւթական ժառանգութիւն»:
