ՀՅԴ-ն Հաագայի Մէջ Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած է՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Արցախի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բողոքի ցոյցեր իրականացնել՝ աշխարհին հասցնելով արցախահայերուն ձայնը։

ՀՅԴ Նիտըրլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը Հաագայի մէջ իրականացուցած է ցոյց՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի։

«Մեր ձայնի ցուցադրութիւն ու բարձրացումը, ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար, որոնք պէտք է հասկնան, որ հայերը ունին ինքնորոշման իրաւունք եւ ոչ մէկ արարած այս երկրագունդին վրայ չի կրնար խախտել զայն»,- նշած է դաշնակցական կառոյցը։