Լիլիթ Գալստեան Սթափուելու եւ Սպառնալիքի Զանգ Հնչեցուցած է ԵԽԽՎ-ի Մէջ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի ելոյթը ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովին։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Արեւմտեան քաղաքակրթութեան փորձաքար է։ Մի՞թէ դուք կ՝ուզէք ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս կը հայրենազրկուի քրիստոնէական հնագոյն քաղաքակրթութիւնը:

Ես սթափուելու եւ սպառնալիքի զանգ կը հնչեցնեմ` SOS!!!!!!.

Այստեղ եւ հիմա է ժամանակը աննահանջ քաղաքական կամք դրսեւորելու, քայլեր ձեռնարկելու եւ մերժելու երկակի չափանիշներու քաղաքականութիւնը։

ազրպէյճանը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի ռազմական յանցագործութիւններուն համար։

Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը չի կրնար զրկուիլ իր պատմական ՀԱՅՐԵՆԻՔին մէջ ինքնորոշուելու, ապահով եւ ազատ ապրելի անօտարելի իրաւունքէն։

Վճռական ըլլալու եւ գործելու ժամանակն է։