Ակնարկ. Բանակցի՞լ, Թէ՞ Չբանակցիլ․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Արցախի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումը բնականաբար կը կապուի ուաշինկթընեան բանակցութիւններուն: Ազրպէյճանը յայտնապէս դժգոհ է բանակցային այս գործընթացէն. թեքնիք պատճառներով փորձեց յետաձգել բանակցութեան այս փուլը. հիմա ալ կրակոցներով եւ հայ զինուորներ սպաննելով փորձ կը կատարէ իմաստազրկելու վերաճշդուած բանակցութիւնը: Յայտնապէս այս վարքագիծը պիտի շարունակուի:

Դժգոհութեան բաժինը, առանց յայտարարուելու Ստեփանակերտ-Պաքու ուղիղ բանակցութիւններու անցման յորդորներն են, պայմանաւորուած` միջազգային երաշխաւորութեամբ: ԵԽԽՎ-ի վերջին բանաձեւին մէջ կար աւելի յստակացում. ակնարկ կար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ բանաձեւ ընդունելու եւ նախապատրաստուելու չէզոք առաքելութեան ներգրաւումին: Պարզ է այստեղ, որ խօսքը ռուսական երաշխաւորութեան փոխարինումին մասին է:

Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութիւնները հիմնական նորութիւն չեն բերեր. կ՛ըսուի, ըստ նախատեսուածին, որ յառաջընթաց կայ, սակայն կան տակաւին անհամաձայնուած կէտեր, եւ երկար աշխատանք պէտք է այդ կէտերուն շուրջ երկկողմանի համաձայնութիւն գոյացնելու համար: Պաշտօնական Ուաշինկթընը կը նախանշէր, որ յաջորդ հանդիպումը պիտի կազմակերպուի եւրոպացի գործընկերներուն կողմէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ Ուաշինկթըն-Պրիւքսել այս առումով ամբողջական համակարգում:

Ազրպէյճանը մէկ կողմէ հաւաքական Արեւմուտքի նախաձեռնութիւններէն անհանգիստ է, միւս կողմէ կ՛ուզէ մինչեւ ռուս խաղաղապահներու հնգամեայ ժամկէտի աւարտը ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը: Այս արանքին մէջ անվերջ խախտելով եռակողմ համաձայնութիւնները խաղաթուղթ կը տրամադրէ Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային ընդգծելու համար, որ ռուսական երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւնը չի յարգուիր, եւ ընդհանրապէս կ՛իմաստազրկուի ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Այս առումով ալ ուշագրաւ էր Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, ըստ որուն` ՄԱԿ-ը կրնայ նպաստել խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումի գործընթացին: ՄԱԿ-ի թէական դերակատարութեան հաւանականութեամբ Մոսկուան այս ձեւով երկրորդ փլանը կը նախապատրաստէ. ի վերջոյ Ռուսիան անդամ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի կողմէ առնուելիք որեւէ նախաձեռնութեան մէջ իր վճռական խօսքը ունի:

Ըմբռնելի է Արցախի Ազգային ժողովի  յայտարարութեան այն բաժինը, որ կը պահանջէ հայկական կողմէն դադրեցնել բանակցութիւնները, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան կը կրակէ: Միատեսակ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր իշխանութեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի կեցուածքները այս ուղղութեամբ: Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն շեշտել, որ բանակցութեան այլընտրանք չկայ, եւ թէ իրենք  կը բանակցին ընդհանրապէս Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:

Բանակցութիւնները դադրեցնելու կոչը սակայն չի վերաբերիր միայն Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ չբանակցելուն. այլ նոյն հիմնաւորումները կը վերաբերին նաեւ Մոսկուայի առած միջնորդական քայլերուն, ինչ որ յաւելեալ դժուարութիւն կը ստեղծէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտին համար:

Որքան ալ հրադադարի ծանր պայմանագիր ըլլայ նոյեմբերեան համաձայնութիւնը, այդուհանդերձ միակ փաստաթուղթն է, որուն տակ ստորագրելով դադրած է պատերազմը: Այդ համաձայնութիւնը խախտողը բոլորին համոզումով ըստ էութեան Պաքուն է: Բանակցութիւնները ուրեմն նախ պէտք է կեդրոնանան արդէն իսկ կայացած համաձայնագիրի իրականացման վրայ. սկսելով ռազմագերիներու վերադարձէն, հասնելով Հայաստան-Արցախ միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակումին եւ ազրպէյճանական անցակէտերու վերացումին:

Շրջափակուած Արցախով եւ պատանդուած ռազմագերիներով բանակցիլ սահմանազատման կամ տարածքներու փոխճանաչումի շուրջ, աւելի տկարացնել է հայկական բանակցային դիրքերը:

Արցախէն հնչած չբանակցելու կոչին իմաստը այն է, որ կարելի չէ բանակցիլ, այնքան ատեն որ Պաքուն չի յարգեր համաձայնութիւնները: Բանակցիլը ուրեմն կ՛ենթադրէ առ այժմ ունենալ մէկ օրակարգ. երաշխաւորել եւ իրականացնել արդէն իսկ կայացած համաձայնութիւնները: