Փարիզի «Կաւօ» Համերգասրահէն Ֆրանսացի Մտաւորականները Ահազանգած Են Արցախի Շրջափակման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փարիզի «Կաւօ» յայտնի համերգասրահին մէջ կայացած է «Հայաստանը՝ կեանքի ճանապարհ» (Arménie, la route de la vie) խորագիրը կրող բացառիկ երեկոյ՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Արցախի ներկայացուցչութեան եւ «Արցախի բարեկամներ»-ու խումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս եզակի երեկոյին ընթացքին Արցախի՝ 200 օր շարունակուող շրջափակման մասին ահազանգելու նպատակով, ֆրանսացի մօտ երկու տասնեակ արուեստի գործիչներ բարձրաձայնած են աշխարհէն մեկուսացուած արցախահայութեան խօսքը եւ անոնց յուզիչ նամակներուն ընթերցման միջոցով հանդիսատեսին ներկայացուցած արցախահայերուն՝ գոյաբանական մարտահրաւէրներով լեցուն առօրեան ու անոնց ապրումները։

Շուրջ 1000 հոգինոց լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ բացման խօսքով հանդէս եկած է Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ Արցախահայերու յուզառատ նամակները ընթերցած են ֆրանսացի անուանի արուեստագէտներ Արիան Ասգարիտը, Վալերի Գարսենդին, Ռոմէն Ռոնտոն, Կուէնտոլին Կուրվենեգը, Մելանի Պերնիէն, Ան Լը Նին, Գամիյ Գլարիսը, Մայա Սենսան եւ Ալիքս Պենեժեգը։

Երեկոյին ընթացքին բանախօսած են նաեւ շարք մը անուանի
ֆրանսացի մտաւորականներ եւ գրողներ, որոնց մէջ հանրայայտ գրող, փիլիսոփայ եւ ճանապարհորդ Սիլվէն Դեսոնը, «Le Figaro» ամսագրի խմբագրի տեղակալ, լրագրող Ժան-Քրիստոֆ Պիւիսոնը, գրող, ռազմական լրագրող, Մարդու իրաւունքներու հարցերով Ֆրանսայի նախկին դեսպան Օլիվիէ Վեպերը, գրող, փիլիսոփայ Փասգալ Պրուգները, ֆրանսահայ անուանի բեմադրիչ Ռոպերթ Կէտիկեանը։

Մտաւորականները ահազանգ հնչեցուցած են ազրպէյճանի կողմէ շուրջ 200 օր շարունակուող շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած աղէտալի վիճակին եւ այն սպառնալիքներուն վերաբերեալ, որոնց Արցախի ժողովուրդը կ՝առերեսուի այսօր։ Անոնք իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին՝ ընդգծելով շրջափակումը անյապաղ վերացնելու եւ արցախահայութեան՝ իր հայրենի հողին վրայ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորելու նպատակով միջազգային հանրութեան կողմէ գործուն քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը։

Երեկոյին ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանը, երգչուհի Աննա Շետիտը եւ Madame Monsieur խումբը։

Միջոցառման աւարտին ամփոփիչ ելոյթով հանդէս եկած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը։ Ան երախտագիտութիւն յայտնած է ֆրանսացի մտաւորականներուն եւ արուեստի գործիչներուն՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի անոնց աննախադէպ համախմբուածութեան եւ համերաշխութեան համար։

Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար տիկին Ժաննա Անդրէասեանը, Ֆրանսայի խորհրդարանի զոյգ պալատներու Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբերուն նախագահներ Ժիլպեր-Լիւգ Տըվինազը եւ Անն-Լորանս Փեդելը, Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Բուբոնին, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ Ծերակոյտի անդամներ, տարածքային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարներ, Ֆրանսայի մշակութային եւ հանրային գործիչներ, քանի մը տասնեակ լրագրողներ, հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։