Կ՝ողջունենք Amnesty International-ի Անդրադարձը՝ ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շարունակուող Շրջափակման

Աշխարհ, Հայաստան

Կ՝ողջունենք Amnesty International միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդրադարձը՝ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման վերաբերեալ, որմով կազմակերպութիւնը կ՝արձանագրէ, որ ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը զրկած է սնունդի մատակարարումներէն եւ մարդկայնական աջակցութենէն։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

«Կազմակերպութիւնը կ՝ընդգծէ նաեւ, որ ազրպէյճանը կը շարունակէ անտեսել ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական մարմնին որոշումը, որմով դատարանը կը պարտադրէր ազրպէյճանին ապահովելու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքէն, եւ կը պնդէր, որ ազրպէյճանը պէտք է վերացնէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումն ու վերջ դնէ մարդկայնական ճգնաժամին։

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կողմէ նման յայտարարութիւններն ու իրավիճակին հասցէական գնահատականները պէտք է հիմք հանդիսանան միջազգային հարթակի վրայ որոշում կայացնողներուն համար՝ ազրպէյճանի հանդէպ զսպիչ եւ պատժիչ գործողութիւններ ձեռնարկելու համար»,- գրած է Ստեփանեան: