«Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Գիրքին Շնորհանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքահայ գրող, հասարակական գործիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կազմակերպութեամբ՝ ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նիստերու դահլիճին մէջ, Յունիս 27-ին, տեղի ունեցաւ «ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻՆ» գիրքին շնորհանդէսը:

Միջոցառման բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան՝ շեշտելով Պօղոս Սնապեանի՝ իբրեւ մեծ մտաւորականի գրական-հասարակական գործունէութեան կարեւորութիւնն ու դերը հայ իրականութեան մէջ։ «Պօղոս Սնապեանը այն քիչ մտաւորականներէն էր, որ իր կեանքով փաստեց իր հաւատարմութիւնը գրական ու մշակութային այն բարձր արժէքներուն, որոնք կը բանաձեւեն հոգեւոր Հայրենիքի տեսլականը»,- նշեց Ռ. Առաքելեան։

Շնորհանդէսին օրհնութեան խօսք ըսաւ ԱՄՆ արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան կողմէ ելոյթ ունեցան ԿՎ անդամներ Արեւիկ Գաբրիէլեանն ու Արտաշէս Շահբազեանը։

Միջոցառումը յագեցած էր գնահատանքի ջերմ ու անկեղծ խօսքերով՝ ներկաներուն համար նորովի բացայայտելով Պօղոս Սնապեանի ձգած գրական ժառանգութիւնը, անոր մարդկային կերպարն ու պատգամները։

Միջոցառման բանախօսներն էին գրականագէտներ Արծրուն Աւագեան, Սերժ Սրապիոնեան, Դաւիթ Գասպարեան, ՀԳՄ քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեան, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեան։

Պետրոս Դեմիրճեան ընթերցեց Պօղոս Սնապեանի նամակը, որ տարիներ առաջ գրողը յղած էր իրեն։

Իրենց սրտի խօսքը ըսին ու ներկաներուն հետ յուշերով կիսուեցան Պօղոս Սնապեանի դուստրը՝ Թամար Սնապեան- Սուրճեան եւ թոռնուհին՝ Նարօտ Սուրճեան։

Շնորհանդէսը անցաւ ընկերական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ