ՀՀ Կառավարութիւնը Կը Խոչընդոտէ Սփիւռքի Լոպպիստական Աշխատանքները (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր ՀՀ կառավարութեան օրակարգը գրեթէ 100%-ով կը հակասէ սփիւռքեան ուղենիշները: Alpha Newsroom-ի ուղիղ եթերով նման կարծիք յայտնած է Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

«Այսօր պետութեան եւ Սփիւռքի մէջ քաղաքական գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները չափազանց վատ են, եւ ըստ էութեան, Սփիւռքը կ՝առաջնորդուի իր քաղաքական օրակարգով, քանի որ ՀՀ կառավարութեան ունեցած օրակարգը գրեթէ 100%-ով կը հակասէ սփիւռքեան ուղենիշները: Այս պարագային, մեր մէջ Սփիւռքի ներուժը հնարաւորինս չարժեւորուիր»,- ըսած է Գէորգ Ղուկասեան:

Ան, միաժամանակ, ընդգծած է, որ պէտք չէ թերագնահատել Սփիւռքի աշխատանքները: Անոր խօսքով՝ բացառութեամբ մէկ-երկու պարագայիի, ՀՀ դեսպանատուները Հայ Դատի յանձնախումբերու գրասենեակներուն գործունեութեան չեն խոչընդոտեր, փոխարէնը, Հայաստանի կառավարութիւնը իր քաղաքական յայտարարութիւններուն մակարդակով կը խանգարէ անոնց:

Alpha News-ի խնդրանքով՝ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատուն նաեւ թուարկած է այն երկիրներուն անունները, ուր կայ հայկական համայնք, սակայն ՀՀ իշխանութեան աշխատանքի բացակայութեան պատճառով Սփիւռքի ներուժը չօգտագործուիր՝ ինչպէս հարկ է:

«Աշխատանքներ կան Գերմանիոյ մէջ, ուր մեծ է թուրքիոյ ազդեցութիւնը, Սպանիոյ մէջ, որ ազրպէյճանի հետ ունի ռազմաքաղաքական առեւտրային յարաբերութիւններ: Այդ յանգամանքէն բացի, Եւրոպական խորհրդարանի հասարակական ֆրակցիային մէջ կը գերակշռէ սպանական մասը, ֆրակցիայի ղեկավարը սպանացի է, ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորելը նոյնպէս սպանացի է»,- նշած է Ղուկասեանը եւ աւելցուցած, որ Սպանիան այժմ Եւրոպայի քաղաքան վարքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւննեէն է:

Մանրակրկիտ աշխատանք պէտք է տանիլ նաեւ Իտալիոյ հայկական համայնքին հետ: Անոր գնահատմամբ՝ բաւական աշխոյժ աշխատողներէն է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Վերջերս ազրպէյճանական ֆինանսաւորմամբ պելճիքական թերթերը ողողուած էին գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի նկատմամբ հիւանդագին եւ կեղծ պնդումներով, որոնց յաջորդած են դատական գործընթացներ:

Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ քաղաքական փոխգործակցութեան մակարդակը աւելի բարձր է: Ասիկա հաւանաբար անոր համար, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռանկիւնին մէջ Հայաստանը իր գագաթը ետ քաշած է. տեսակէտ յայտնած է Գէորգ Ղուկասեան:

Անոր խօսքով, Արցախի ԱԳՆ-ի եւ, առհասարակ, Արցախի քաղաքական շրջանակներուն հետ Սփիւռքի յարաբերութիւնները անհամեմատ լաւ են, կառուցողական: Արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան տեսանելի արդիւնքներէն մէկը, ըստ Ղուկասեանի, եղած է ամիսներ առաջ տեղի ունեցած «Արցախ» փակ ֆորումին կազմակերպումը: Անիկա համախմբած է աւելի քան 300 միջազգային գործիչ՝ քոնկրեսականներ, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, որոնք լսած են իրար ու խելք խելքի տուած, թէ ինչպէս կրնան իրենց նպաստը բերել Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ կարգաւորման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան:

Գէորգ Ղուկասեանի դիտարկումով՝ Սփիւռքը այսօր ՀՀ իշխանութենէն կ՝ակնկալէ վերջ տալ պետական այն քաղաքականութեան, որ կ՝ենթադրէ Արցախէն հրաժարում եւ թուրքիան գրկաբաց ընդունում, ինչպէս նաեւ ազգային արժանապատուութեան նուաստացում:

Հիշեցնենք՝ Սփյուռքի նախարարությունը ստեղծվել է 2008 թվականին և գործել 10-ը տարի: 2018 թվականին Հայաստանում տեղի ունեցած իշխանափոխությունից հետո, Փաշինյանի գլխավորած կառավարության որոշմամբ, Սփյուռքի նախարարությունը լուծարվել է: Վերջինիս գործառույթը 2019-ին դրվել է կառավարությանն առնընթեր Սփյուռքի գործերի գլխավոր հանձնակատարի գրասենյակի վրա, որը ղեկավարում է ԱՄՆ Գլենդել քաղաքի նախկին ղեկավար Զարեհ Սինանյանը:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով