
Մուրատ Մըխչըի Հետ Հանդիպում Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնէն Ներս
Սոյն թուականի Յունիս 29-ին, Հինգշաբթի օրը, ժամը 18։30-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամը կը կազմակերպէ հանդիպում պոլսահայ հրապարակախօս, աքթիւիստ եւ քաղաքական գործիչ Մուրատ Մըխչըի հետ, որ Հայաստան կը գտնուի առաջին անգամ ըլլալով։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը։
Մուրատ Մըխչըն հանդէս պիտի գայ բանախօսութեամբ՝ «Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ» թեմայով։ Ան պիտի անդրադառնայ Թուրքիոյ հայութեան ներկայ խնդիրներուն, վերջերս Թուրքիոյ մէջ կատարուած ընտրութիւններուն եւ պիտի պատասխանէ ներկաները յուզող բոլոր հարցերուն։
Մուրատ Մըխչըն ծնած է 1975 թ․, Պոլիս, Քոնիայէն Կ․Պոլիս տեղափոխուած հայերու ընտանիքի մէջ։ Ան 2010 թ․ եղած է Հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան խորհուրդի անդամ։ 2014 թ․ստանձնած է Պոլսոյ մէջ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցության (Halkların Demokratik Partisi / HDP) նահանգային վարչութեան մամլոյ խօսնակի պարտականութիւնները։
2015 թ․ Յունիս 7-ին եւ Նոյեմբեր 1-ին կազմակերպուած ընտրութիւններուն ժամանակ Մըխչըն Պոլիսէն պատգամաւոր յառաջադրուած է Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ։ 2016 եւ 2017 թթ․ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան 2 համագումարներուն ստանձնած է կուսակցական խորհուրդի եւ կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամի պաշտօնները։ Անոր յօդուածները հրապարակուած են եւ կը շարունակեն տպագրուիլ «Թուրնուսոլ», «Ակօս», «Դեմոկրատ Հաբեր», «Արթըգերչեք» պարբերականներուն մէջ։ Հեղինակած է «Վերակառուցէ» վերնագիրով գիրքը։
Ամսաթիվ` 2023 թ. հունիսի 29, ժամը` 18:30։
Հասցէ՝ Գիւլբենկեան 38 (HSBC դրամատան մօտ), 5-րդ յարկ։
Մուտքը ազատ է: Սիրով կը հրաւիրուին բոլոր փափաքողները:
Akunq.net