
21-րդ Դարուն Բոլորիդ Աչքի Առջեւ 120,000 Մարդ Ամէն Օր Անմարդկային Տառապանքներու Կ՝ենթարկուի, Իսկ Դուք Դրուագային Մտահոգութիւն Արտայայտող Յայտարարութիւններ Կ՝ընէք․ ԱՀ ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարութիւն տարածած է ազրպէյճանի կողմէ դէպի Արցախ մարդկայնական փոխադրումներու արգելափակման վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի․
«Աւելի քան մէկ շաբաթ է, որ ամբողջութեամբ դադրեցուած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մարդկայնական փոխադրումները, որոնք շրջափակման ընթացքին կ՝իրականացուէին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ռուսական խաղաղապահներուն կողմէ։ Դէպի Արցախ մարդկայնական բեռներու փոխադրման արգելափակումը աւելի կը խորացնէ վեցամսեայ շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամային իրավիճակը։ Ստեղծուած պարէնային եւ դեղորայքիային առանց այն ալ սուղ իրավիճակը գոյաբանական լրջագոյն սպառնալիքներ կը ստեղծեն մեր բնակչութեան համար: ազրպէյճանը շրջափակման ընթացքին մարդկայնական փոխադրումները միշտ ալ գովազդած է ցոյց տալու համար, թէ իբր միջանցքը արգելափակուած չէ, փաստօրէն գործիք դարնձնելով մարդկայնական հարցերը։
Միջազգային անգործութեան պայմաններուն մէջ ազրպէյճանը կը գործէ կատարեալ անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ՝ անտեսելով 2020 թուականի եեռակողմ յայտարարութիւնը, մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները։ ազրպէյճանը իրաւունքներ կը խոստանայ՝ յանցաւոր կերպով արգելափակելով անգամ մարդկայնական հասանելիութիւնը։ Կարծես թէ միջազգային որոշ դերակատարներ կուրօրէն կը հաւատան այդ խոստումներուն՝ դիտաւորեալ չտեսնելու տալով այն, ինչ իրականութեան մէջ կ՝ընէ ազրպէյճանը։
Որքա՞ն կարելի է անտեսել իրականութիւնը։ ազրպէյճանի առաջարկածը ցեղական զտումն է եւ բռնի հպատակեցում՝ երկու պարագային ալ գործ ունինք նոյն յանցանքին հետ, որ կոպտագոյնս կը խախտէ մարդու հիմարար իրաւունքները՝ մարդու ինքնորոշումը, կամարտայայտութեան, կեանքի, առանց խտրականութեան սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքները։ Արդեօք այս իրավիճակը կը խօսի այն մասին, որ միջագզյաին բոլոր դերակատարները չունին յանձնառութիւն հրատապ մեթոտներով հակազդելու ազրպէյճանին։ Արդեօք ձեր կողմէն բնականոն կը դիտուի ազրպէյճանի կողմէ վարուող ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։
21-րդ դարուն բոլորիդ աչքի առջեւ 120,000 մարդ ամէն օր կ՝ենթարկուի անմարդկային տառապանքներու, իսկ ձեր ըրածը դրուագային մտահոգութիւն արտայայտող յայտարարութիւններ են։ Մարդկայնական հասանելիութեան միտումնաւոր խոչընդոտելը միջազգային իրաւունքով կը դիտարկուի իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն։ Ես կրկին կոչ կ՝ընեմ ձեզի՝ վերջ տուէք այս յանցաւոր անտարբերութեան, կանխեցէք ազրպէյճանի կողմէ նոր պատերազմական յանցագործութիւնը, հասկցէք, որ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան համար պատասխանատուութիւնը նաեւ ձեր խղճին է։ Ի վերջոյ, անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը հաւասարազօր են յանցակցութեան»: