Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք է Հասնի Պատժամիջոցներու Սահմանման ազրպէյճանի եւ Իր Իշխող Վարչակազմի Անդամներուն Հանդէպ

Աշխարհ, Հայաստան

Եթէ միջազգային հանրութիւնը իսկապէս կ՝ուզէ կասեցնել Արցախի մէջ հայերու ցեղական զտման քաղաքականութիւնը, պէտք է պատժամիջոցներ սահմանէ ազրպէյճանի իշխող վարչակազմին հանդէպ:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը նախօրէին կայացած լիագումար նիստին ժամանակ ընդունած է «Բերձորի միջանցքէն ազատ, անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը, որմով կ՝արձանագրէ, որ Բերձորի միջանցքէն մարդոց եւ բեռներու ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը խոչընդոտուած է:

Բանաձեւը կոչ կ՝ընէ պաքուին անյապաղ կատարելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին հրապարակուած վճիռը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումը: Վեհաժողովը նաեւ իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հայերուն հանդէպ կիրառուող թշնամական քաղաքականութեան վերաբերեալ՝ կոչ ընելով պաքուին քայլեր ձեռնարկելու ատելութեան խօսքի դէմ պայքարելու համար:

Մինչ ԵՎ-ի մէջ քննարկումներ կ՝ընթանային բանաձեւին շուրջ, ազրպէյճանը կրաշաղախէ պատնէշներ կը տեղադրէր Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհին երկու կողմերը՝ ալ աւելի խորացնելով մարդկայնական ճգնաժամը Արցախի մէջ։

Այս դրուագը հերթական անգամ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի արհամարհական վերաբերմունք ունի ազրպէյճանը միջազգային կոչերուն, բանաձեւերուն եւ անգամ դատարաններու որոշումներուն հանդէպ: Ասիկա կը փաստէ, որ կոչերը, բանաձեւերը բաւարար չեն ազրպէյճանը զսպելու համար, նման գործելաոճը պէտք է յստակ պատիժի արժանանայ միջազգային մեքենականութիւններու ծիրէն ներս:

Եթէ միջազգային հանրութիւնը իսկապէս կ՝ուզէ կասեցնել Արցախի մէջ հայերու ցեղական զտման ու բռնի տեղահանման քաղաքականութիւնը՝ պէտք է հասնիլ պատժամիջոցներու սահմանման ազրպէյճանի եւ իր իշխող վարչակազմի անդամներուն հանդէպ։ Ասիկա ազրպէյճանը զսպելու միակ իրական տարբերակն է:

«Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման հանրային շարժում»