Արցախի Հայութիւնը Ամբողջական Շրջափակման Մէջ է եւ Մեկուսացուած է Համայն Աշխարհէն. ԳԱԱ Աշխատակիցներուն Բաց Նամակը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի հայութիւնը ամբողջական շրջափակման մէջ է եւ մեկուսացուած է համայն աշխարհէն: Այս մասին բաց նամակ հրապարակած են ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի գիտական կազմակերպութիւններու աշխատակիցները:

Բաց նամակին մէջ կ՝ըսուի.

«1988թ., երբ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (ԼՂԻՄ) բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը՝ մարզային խորհուրդը, ինքնորոշուեցաւ Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան միանալու օգտին, նպատակը մէկն էր՝ Արցախի բնակչութեան՝ իր պատմական հայրենիքին մէջ իր ազգային ինքնութեան պահպանութեամբ ազատ ապրիլը եւ արարելը: Խորհրդային ազրպէյճանի ենթակայութեամբ Արցախի հայ բնակչութեան արարման հնարաւորութիւնները խիստ սահմանափակուած եւ վերահսկելի էին խորհրդային քաղաքական բռնաճնշումներու մեթոտներու բազմաթիւ ձեւերով:  Խորհրդային ազրպէյճանի մէջ գտնուելու ողջ ընթացքին՝ հայկական անկլաւի բնակչութիւնը կ՝արտագաղթէր, եւ անկլաւը կը լեցուէր ցեղական ազրպէյճանցիներով: Թէեւ Հայաստանին միանալու Արցախի բնակչութեան ցանկութիւնը կը պատժուէր, անցեալ հարիւրամեակին այդ ցանկութիւնը արտայայտուած է բազմիցս ԽՍՀՄ իշխանութիւններուն դիմումներով, հաւաքական նամակներով եւ այլն: ԽՍՀՄ վերակառուցման քաղաքական որոշումը նոր յոյսեր տուաւ: 1988թ. Արցախի հայերը իրենց երազանքը ձեւակերպեցին ինքնորոշման սահմանադրական իրաւունքով: Հայերու սահմանադրական իրաւունքին ազրպէյճանի քաղաքական իշխանութիւնները հակադրեցին վախցնելու փորձուած մեթոտը՝  ազրպէյճանի ցեղական հայերու ջարդերը եւ աքսորը: Վերակառուցուող ԽՍՀՄ-ը չհասցուց ըմբռնել համամարդկային մարդկայնական զարգացումներուն ընդելուզուելու բարդ քննութեան այբուբենը: ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արագընթաց նախաձեռնութիւնները ո՛չ քաղաքական, ո՛չ իրաւական հակադարձութիւն չստացան: 1991թ. վերջը, ԽՍՀՄ-ի կազմալուծման շրջանին, Արցախի հայութիւնը դէմ դիմաց մնաց ազրպէյճանի բազմաշերտ, գլխաւորապէս շովինիստական ռազմական կազմաւորումներուն առջեւ:

1992-1993թթ. ծանր շրջափակման մէջ յայտնուած Արցախի հայերը գերագոյն ջանքերով կրցան համախմբուիլ եւ դիմադրել ազրպէյճանը փաստացի կառավարող ռազմական խմբաւորումներուն:

Անցած 30 տարիներուն ընթացքին՝ մինչեւ 2020թ. Սեպտեմբեր, Արցախի հայութիւնը, անցնելով ջարդերու, շրջափակումներու, կռիւներու բազում փորձութիւններով, պատերազմի մշտական սպառնալիքի տակ ստեղծեց իր ինքնավարութիւնը՝ ժամանակակից ժողովրդավարական տարբերակի իր անկախ ժողովրդավարական հանրապետութիւնը, վերակառուցեց աւերուած բնակավայրերը, կառուցեց ճանապարհներ, տնտեսութիւն, կրթական եւ հասարակական ծառայութիւններ,  դատաիրաւական համակարգ:

2020թ. Սեպտեմբերին Արցախի խաղաղ բնակչութեան գլխուն պայթեցաւ նոր պատերազմ, որ աւարտեցաւ արտաքին օժանդակութենէն օգտուող ազրպէյճանի յաղթանակով:

Ձեռնպահ մնալով պատերազմի մասին քաղաքական գնահատականներէն՝ չենք կրնար լռել անոր դադարի այսպէս կոչուած հետեւանքներուն մասին: Այդ պատերազմի աւարտի հետեւանքները եւ մինչեւ այսօր տեւող դադարը չափազանց յարձակողական եւ վտանգաւոր են ինչպէս Արցախի հայկական իշխանութիւններու վարչական կառավարման տակ գտնուող, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ազրպէյճանի սահմանամերձ տարածքներու բնակչութեան համար:

Արցախը կրկին յայտնուած է ազրպէյճանական բանակի ամբողջական շրջափակման մէջ: Արցախի հայ բնակչութիւնը Հայաստանին կապող միակ՝ կեանքի ճանապարհը փակ է 2022թ. Դեկտեմբեր 12-էն: Վերջին շաբաթը՝ նոյնիսկ Կարմիր խաչի համար: Արցախ ոչինչ կը մտնէ՝ ոչ սնունդ, ոչ դեղորայք, անջատուած է կազի մատակարարումը, շուտով պիտի սպառի նաեւ ջրամատակարարումը:

Այսօր Արցախի հայ բնակչութիւնը կը դիմէ աշխարհին՝ յայտարարելով. «Մենք՝ Արցախի բնիկ ժողովուրդը, իրաւունք ունինք մեր հողին վրայ ապրելու»: Ոչ ոք անոնց իրաւունքը կը վիճարկէ: Պարզապէս ազրպէյճանը այդ իրաւունքի իրացման հնարաւորութիւնը չի տար․ «Ապրեցէք, որքան կրնաք, առանց սնունդի, առանց ջուրի, առանց ջեռուցման, առանց անտառի փայտի, առանց աշխարհի հետ կապի: Ապրելու ձեր իրաւունքը ա՛յս է»:

Մենք՝ ՀՀ ԳԱԱ հիմնարկներու աշխատակիցներս, կը դիմենք աշխարհի մեր գործընկերներուն՝ նկատելու, տեսնելու եւ ուշադրութիւն դարձնելու այս մարդկայնական աղէտին: Առկայ լռութիւնը հաւասարազօր է Արցախի հայ բնակչութեան ապրելու ա՛յս «իրաւունքի» ազրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւններուն հաւանութիւն տալուն: