
Հայաստանի եւ Սփիւռքի Մեր Հայրենակիցներէն Կը Խնդրեմ Հեռաձայնել Արցախի Մէջ Ապրող Ձեր Բարեկամներուն. Վրթանէս Սրբազան
Բոլորը քաջատեղեակ են Արցախի մէջ տիրող վիճակին։ Իրապէս, բաւական ծանր կացութեան մէջ ենք՝ այն իմաստով, որ ազրպէյճանը քայլ առ քայլ կը սեղմէ օղակը։ «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը։
«Այս իրավիճակին մէջ անոնք, որոնք կամքով ուժեղ են, կը կարողանան ճիշդ գնահատել իրավիճակը ու չվհատիլ։ Բայց, բնականաբար, արդէն աւելի քան վեց ամիս տեւող պաշարման պայմաններուն մէջ բոլորը չեն, որ կը կարողանան միշտ սթափ դատել․ հոգիով տկարներ ալ կան։ Ըստ այդմ՝ շատ կարեւոր է, որ այս դժուար փուլին Հայաստանի եւ Սփիւքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները անտարբեր չգտնուին եւ ցոյց տան, որ Արցախի իրենց քոյր-եղբայրներուն կողքին են։
Խնդրանքս է, որ Հայաստանի, Սփիւռքի մեր հայրենակիցները հեռախօսները վերցնեն ու հեռաձայնեն Արցախի մէջ ապրող իրենց բարեկամներուն, ծանօթներուն, ընկերներուն․․․ Մարդիկ շատ կը զգան այդ ուշադրութեան, արձագանգին կարիքը։ Երբ մտաւորականները, հասարակութեան կողմէ յարգուած, ճանչցուած մարդիկ կ՝ահազանգեն արցախահայութեան կացութեան մասին, այստեղ ապրողները կը սփոփուին, որոշ չափով կը մխիթարուին, իսկ երբ դադար կը վերցնեն ու անտարբերութիւն կը ցուցաբերեն, մարդիկ կ՝ընկճուին, կը մտածեն, որ մինակ մնացած են․․․ Ինծի ալ, որ տարբեր տեղերէ կը հեռաձայնեն, կ՝ոգեւորուիմ»,- կ՝ըսէ Սրբազանը։
Մանրամասները կարդալ՝ https://www.pastinfo.am/hy/news/2023/06/22/8kmg3bek6/1598508