
Հայկ Մարտիրոսեան՝ Արսէն Եղիազարեանի Յուշամրցաշարքի Տիտղոսակիր
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած Արսէն Եղիազարեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի տիտղոսին հանդիսացաւ Հայկ Մարտիրոսեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը։
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արսէն Եղիազարեանի լաւագոյն սաները եւ ընկերները` Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Տիգրան Պետրոսեան, Աշոտ Նաթանեան եւ Արթուր Դաւթեան:
Լաւագոյն եռեակին մէջ եղան նաեւ Մանուէլ Պետրոսեան (2-րդ) եւ Տիգրան Յարութիւնեան (3-րդ):