
Իշխանութիւններէն Կը Պահանջենք Ձեռնարկելու Անհետաձգելի Գործողութիւններ՝ Պաշտպանելու Արցախի Ժողովուրդին Ինքնիշխանութիւնը
Արդէն հինգ օր է, Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը փակ է անգամ ծանր հիւանդներու տեղափոխման եւ մարդկայնական բեռներու ներկրման համար: «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ»-ը կը դատապարտէ Արցախի լիակատար պաշարման փաստի անտեսումը միջազգային հանրութեան կողմէ:
Արցախի Հանրապետութեան 120 հազար քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ 30 հազար երեխաներուն, 20 հազար տարեցներուն եւ հարիւրաւոր անհետաձգելի բուժման կարիք ունեցող հիւանդներուն՝ օրէ օր խորացող մարդկայնական խնդիրներուն յայտարարութիւններով արձագանգելը եւ ազրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումները անհետեւանք ձգելը կը համարենք միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ երկակի չափանիշներու կիրառում եւ իր հայրենիքին մէջ ապրող բնիկ ժողովուրդի հանդէպ ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանական նկրտումներու իրագործման խրախուսում: Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրացուած իրաւունքը «Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան» անհասկնալի ձեւակերպումով փոխարինած Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները փաստացի Արցախը կը տանին դէպի բռնակցում ազրպէյճանին:
Անընդունելի է նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, դուրս մնալով սեփական ժողովուրդի ճակատագրին վերաբերող հարցերուն շուրջ բանակցութիւններէն, կը սահմանափակուին միայն մարդկայնական աղէտը կանխելու նպատակով բնակչութեան «խիստ տնտեսման» կոչեր յղելով:
Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող ճանապարհին տեղադրուած ազրպէյճանական անցակէտը 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու ակնյայտ խախտում է, ուստի, կը պահանջենք Ռուս խաղաղապահ զօրակազմէն՝ ապահովելու նշեալ յայտարարութեամբ ամրագրուած դրոյթներուն կատարումը՝ անյապաղ ապաշրջափակելով միջանցքը:
Կոչ կ՝ընենք հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ազգային կառոյցներուն, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն՝ բողոքի ձայն բարձրացնելու Արցախի ժողովուրդին պատուհասած աղէտին վերաբերեալ եւ դիմելու իրենց նստավայր երկիրներու կառավարութիւններուն ու խորհրդարաններուն՝ ազրպէյճանի դէմ միջազգային պատժամիջոցներ կիրառելու պահանջով:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն կը պահանջենք ձեռնարկելու հայ ժողովուրդին առջեւ ստանձնած պատասխանատուութենէն բխող անհետաձգելի գործողութիւններ՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդին ինքնիշխանութիւնը:
Մենք բոլոր հնարաւոր միջոցներով պիտի պայքարինք հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու մեր իրաւունքին համար եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ուղղուած ցանկացած ոտնձգութիւն պիտի արժանանայ համարժէք պատասխանի:
«Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման խորհուրդ