Բոլոր Պետութիւնները Պէտք է Իրենց Բաժին Պատասխանատուութիւնը Ստանձնեն ու Կանխեն Վերահաս Ողբերգութիւնը. Արտակ Բեգլարեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Արցախը ազրպէյճանական շրջափակման ներքեւ է արդէն 191 օր շարունակ, եւ այս ընթացքին մարդոց ու մարդասիրական բեռներու խիստ սահմանափակ տեղաշարժը կազմակերպուած է բացառապէս Կարմիր խաչին ու խաղաղապահներուն կողմէ:

«Իսկ ահա, 6 օր շարունակ, Արցախի 120,000 ժողովուրդը կը գտնուի լրիւ մեկուսացման ու պաշարման մէջ՝ առանց որեւէ մատակարարման ու տեղաշարժի նոյնիսկ Կարմիր խաչի ու խաղաղապահներու կողմէ,- Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան:

«Կից լուսանկարները կը ցուցադրեն, թէ ինչպէս վերջին օրերուն ազրպէյճանական զրահամեքենաները փակած են Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհը՝ իրենց ապօրինի անցակէտին մօտ: Ա՞յս է «ազատ տեղաշարժ»-ի իրենց երաշխիքը, որ այդքան կը խաբեն աշխարհը, թէ իբր շրջափակում չկայ: Արցախը արագօրէն կը գլորուի անվտանգային ու մարդկայնական աղէտի անդունդը, եւ բոլոր պետութիւնները պէտք է իրենց բաժին պատասխանատուութիւնը ստանձնեն ու կանխեն վերահաս ողբերգութիւնը՝ ոչ թէ մէկը միւսին վրայ դնէ պատասխանատուութիւնը:

Возможно, это изображение текст

«Կ՝ակնկալենք ամենահրատապ ու գործնական քայլերը Հայաստանէն, Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Եւրոմիութենէն, ՄԱԿ-էն եւ մնացեալ բոլոր դերակատարներէն, իսկ աշխարհասփիւռ հայութենէն՝ մեծ ճնշում բոլորի հանդէպ»,- գրած է Արտակ Բեգլարեան:

Возможно, это изображение текст